Ռաատ. «Քաղաքական Որոշ Ուժեր Դիմադրութեան Դէմ Դաւադրութիւններ Կը Նիւթեն»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իր պատրաստ վիճակով եւ կարողութիւններով միակ արգելքն է` Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործելիք հաւանական որեւէ ներխուժումին կամ սանձազերծելիք պատերազմին:
Ռաատ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլին դէմ այսքան հզօր դարձած Դիմադրութիւնը պէտք է պահպանել, սակայն անոր փոխարէն մենք կը տեսնենք լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժեր, որոնք այս Դիմադրութեան դէմ դաւադրութիւններ նիւթելու ընթացքին մէջ են:
«Ութսունական թուականներուն, երբ մենք թշնամի Իսրայէլի դէմ կռուեցանք եւ յաղթեցինք անոր, մեզի դէմ դաւադրութիւններ սարքող ուժերը մեր դաշնակիցները չէին, հետեւաբար ներկայիս անոնց կողմէ դաւադրութիւնները մեր կամքը եւ կորովը չեն տկարացներ եւ մեզի համար երբեք կարեւոր չէ, որ անոնք մեզի դէմ մեղսակցին, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնք յաղթանակներ կերտած Դիմադրութեան դաշնակիցները չեն», ըսաւ Ռաատ:
Անդրադառնալով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին վաւերացման` Ռաատ շեշտեց, որ այդ մէկը նորութիւն է Լիբանանի մէջ եւ անիկա որակական փոփոխութիւն կը նկատուի երկրին համար:

