Վարչապետ Միքաթի Շնորհաւորեց Պետական Քննութիւններուն Յաջողած Աշակերտները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին շնորհաւորեց պետական քննութիւններուն յաջողած լիբանանցի բոլոր աշակերտները` անոնց մաղթելով մնայուն յաջողութիւն եւ փայլուն ապագայ, լեցուն` առողջութեամբ, գիտութեամբ եւ յառաջդիմութեամբ:

Վարչապետը գնահատեց նաեւ աշակերտներուն համբերութիւնը եւ ձախողած աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց վերաքննութեան ընթացքին:

Վարչապետը բարձր գնահատեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի եւ կրթութեան նախարարութեան վարչական անձնակազմին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն ջանքերը:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը 16 օգոստոսին իր յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ աշխատավարձի յաւելման կարելիութիւնները, որոնք որդեգրուած էին այդ թղթածրարին յատուկ նախարարական յանձնախումբին կողմէ:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Թրիփոլիի լրագրողներուն ի պատիւ սարքուած իֆթարի մը ընթացքին, վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ընդդիմութիւնը, որ մնայուն կերպով կը քննադատէ կառավարութիւնը` առանց անոր կատարած դրական քայլերուն, նոյնիսկ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման եւ երկրին պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացման մասին խօսելու:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր պարտականութիւնները եւ ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը` նկատել տալով, որ Սուրիոյ հարցերէն չէզոք կեցուածք որդեգրելու քաղաքականութիւնը ընդհանուր քաղաքականութիւն մըն է, որ վաւերացուած է Պաապտայի յայտարարութեամբ եւ որ կը միտի պահպանել Լիբանանը, «իսկ այդ քաղաքականութիւնը պէտք է ընդհանրացնել», շեշտեց Միքաթի:

Անդրադառնալով 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսելու այս մասին:

Միքաթի նկատել տուաւ նաեւ, որ Թրիփոլիի մէջ տագնապները կուտակուած են, եւ այդ կացութիւնը ամբողջ քաղաքը վերածած է պայթուցիկ ռումբի մը, որ ուշ կամ կանուխ կրնայ պայթիլ եւ կրնայ պատճառ դառնալ ամբողջ երկիրը ընկղմեցնելու, եթէ անոր նկատմամբ զգուշաւոր կեցուածք չորդեգրուի:

Վարչապետը նշեց, որ ինք մտավախութիւն չունի, որ Թրիփոլիի մէջ միջսիւննիական սադրանքներ կ՛արձանագրուին` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումները հակակշիռի տակ առնուած են, «իսկ եթէ այդ բախումներուն լիբանանեան բանակը միջամուխ ըլլար, ապա Թրիփոլիի պատմութեան մէջ սպանդ ու ջարդ արձանագրուած պիտի ըլլար», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ բոլորը պէտք է իմանան տիրող կացութեան վտանգին տարողութիւնը եւ պէտք է պատասխանատու եւ գիտակից ըլլալ` բանակը հեռու պահելով ամէն տեսակի վտանգէ:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Միքաթի վաղը Մեքքէի մէջ պիտի մասնակցի Սուրիոյ հարցով տեղի ունենալիք Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողով կազմակերպութեան վեհաժողովին` իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )