Ալեքսանտր Քարելի. «Չհասկցայ ի՞Նչ Պատահեցաւ Միշա Ալոյեանին»

«Միշա Ալոյեան կրնար աւելի բարձր դիրք գրաւել Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն», յայտարարեց յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի եռակի ողիմպիական ախոյեան, ռուս Ալեքսանտր Քարելի:

«Չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Միշա Ալոյեանի հետ: Այդ հարցումը պէտք է անոր մարզիչներուն ուղղել: Ես լաւ գիտեմ Միշան, ան մեր համաքաղաքացին է: Ան շատ լաւ է մենամարտին մէջ, գրեթէ առանց սխալներու: Իսկ այս մրցումին պատկերը այլ էր: Կը ցաւիմ, որ ան մնաց երրորդ դիրքին վրայ: Միշան կրնայ աւելի բարձր տեղ գրաւել: Չեմ հասկնար ինչո՛ւ այսպէս պատահեցաւ», ըսաւ Ալեքսանտր Քարելի:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան ներկայացնող բռնցքամարտիկ Միշա Ալոյեան (52 քկ), կիսաւարտականի մրցումին պարտուեցաւ: Աշխարհի ախոյեան Ալոյեան բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով:

Share this Article
CATEGORIES