Այլ Մարզական Լուրեր
Քիքպոքսինկ. Յակոբ Ստեփանեան` Ռուսիոյ Ախոյեան
Խառն մենամարտերու Ռուսիոյ առաջին ախոյեանութեան (70 քկ դասակարգ) մրցաշարքը աւարտեցաւ քիքպոքսինկի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Յակոբ Ստեփանեանի յաղթանակով:
Սոչիի մէջ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին առաջին իսկ ռաունտին, Ստեփանեան նաքաութի ենթարկեց… Ահմետ Ալիեւը:
Մրցաշարքի պատուոյ հիւրերու մէջն էին Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր (ժիւտօ, 60 քկ), Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Արսէն Գալստեան, դերասան Սթիվըն Սիկալ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ֆութպոլ. Արարատի Առաջին Յաղթանակը`
Ա. Խաշմանեանի Գլխաւորութեամբ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն 18-րդ հանգրուանին Երեւանի Արարատ խումբը Դիլիջանի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթեց տեղւոյն Իմփուլսին: Այսպիսով, Արարատ առաջին յաղթանակը տարաւ նոր նշանակուած մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորութեամբ:
Երեւանցիները այժմ 7 կէտով կը գտնուին վերջին դիրքին վրայ, մինչ Իմփուլս 32 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Ֆութպոլ. Մարզակա՞ն, Թէ Մարտական Վահան
Մինչ Լոնտոնի մէջ վարագոյրը կ՛իջնէր 30-րդ ողիմպիական խաղերուն վրայ, Վիլլա Փարքի մէջ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքին վարագոյրը կը բանային ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի եւ բաժակակիր Չելսի` խորհրդանշական բնոյթ ունեցող աւանդական մրցումով մը, որուն եկամուտը կը յատկացուի բարեսիրական նպատակներու:
Սակայն մրցումը բարեսիրական եւ բարեկամական ըլլալէ շատ հեռու էր: Կոլերով հարուստ (3-2` ի նպաստ Մանչեսթըր Սիթիի), գունաւոր (կարմիր-դեղին) քարտերով առատ, կարգ մը պարագաներու մարզականէն աւելի մարտական ոգի դրսեւորող այս խաղին ընթացքին Չելսի թէեւ յաջողեցաւ առաջին (Թորես, 40-րդ) եւ վերջին (Պերթրանտ, 80-րդ) կոլերը նշանակել, սակայն այդ միջոցին նաեւ 5 դեղին եւ 1 կարմիր քարտ, ինչպէս նաեւ 3 կոլեր ստացաւ: Մանչեսթըր Սիթիի կոլերը նշանակեցին Եայա Թուրէ (53-րդ) Թեվեզ (59-րդ) եւ Նասրի (65-րդ): Սիթի նաեւ «յաջողեցաւ» 3 դեղին քարտ ստանալ… նաեւ վահանը:
Եուվէ Բարձրացուց Գերբաժակը
Եուվենթուս Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ 5-րդ անգամ տիրացաւ երկրի գերբաժակին (սիւփըրքափ)` 4-2 արդիւնքով յաղթելով Իտալիոյ բաժակակիր Նափոլիի: Փեքինի մէջ տեղի ունեցած մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով եւ Նափոլիէն երկու մարզիկներու վտարումով: Յաւելեալ 30 վայրկեաններուն Եուվէ երկու գնդակ եւս ուղարկեց Նափոլիի բերդը եւ նուաճեց գերբաժակը: Եուվէի կոլերը նշանակեցին Ասամաօ, Վիտալ, Մաճօ (իր սեփական բերդին մէջ) եւ Վուչինիչ: Նափոլիի կոլերը նշանակեցին Քաւանի եւ Փանտեւ:
Ֆութպոլ. Սպանիոյ Ապստամբները
Սպանիոյ ախոյեանութեան մասնակից 13 ակումբներ նախաձեռնած են պոյքոթի ենթարկել այս եղանակի մրցաշարքը: Այս խումբերը ծրագրած են պոյքոթի ենթարկել ախոյեանութիւնը, եթէ վերատեսութեան չենթարկուի պատկերասփիւռային սփռումներէ ստացուած հասոյթը, շահոյթը:
Պոյքոթող ակումբները կը ղեկավարեն Աթլեթիք եւ Աթլեթիքօ խումբերը, որոնք կ՛ուզեն իրենց շուրջը զանգուած մը հաւաքել, մինչ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կրնայ պատժել այս գործունէութիւնը` ատիկա ապօրինի նկատելով:
Սպանիոյ ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 18 օգոստոսին` Ռէալ-Վալենսիա մրցումով:
Իրաւարարը… Նաքաութ
Գերմանական Տիւսելտորֆ ակումբի եւ փորթուգալական Պենֆիքայի միջեւ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումը անաւարտ մնաց, երբ խաղին 36-րդ վայրկեանին կեդրոնի իրաւարարը պատահմամբ զարնուեցաւ Լուիզայոյի եւ անգիտակից վիճակով գետին փռուեցաւ: Իրաւարարը յաջողեցաւ ուշքի բերել, բայց այլեւս… սիրտ չէր մնացած խաղալու: