Մնաք Բարով Լոնտոն, Բարեւ` Ռիօ

30-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն վրայ իջաւ վարագոյրը փակման հիանալի հանդիսութեամբ մը, որուն մարզիկներու եւ երկիրներու պատուիրակութիւններու տողանցքին ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրն էր ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, արծաթէ մետալ նուաճած Արսէն Ճուլֆալակեան:

 

Վերջին Օրերու Նուաճումներ

Ֆութպոլ

Մեքսիքա ֆութպոլի ողիմպիական ախոյեան: Մեքսիքա նուաճեց ոսկի մետալը` աւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթելով Պրազիլի: Շաբաթ, 11 օգոստոսին տեղի ունեցած մրցումին, պրազիլցի մարզիկները իրենց խումբին կործանումին կերտիչները եղան:

Մրցումը երազային սկիզբ մը ունեցաւ Մեքսիքայի համար: Խաղը տակաւին չէր բոլորած իր առաջին վայրկեանը, երբ Պրազիլի աջ յետսապահը Ռաֆայէլի աններելի մէկ սխալին վրայ մեքսիքացի յառաջապահ Փերալթա ի նպաստ Մեքսիքայի բացաւ մրցումին հաշիւը: 74-րդ վայրկեանին դարձեալ պաշտպանողական սխալի մը պատճառով Փերալթա կրկնապատկեց հաշիւը: Թէեւ պրազիլցիք չյուսալքուեցան եւ պայքարը մինչեւ 90-րդ վայրկեանը շարունակելով, շնորհիւ Հալքի նշանակեցին կոլ մը եւ նոյնիսկ կորսուած վայրկեաններուն կրնային նշանակել հաւասարութեան կոլը, սակայն Օսքար կորսնցուց ոսկի առիթ մը, երբ բերդին շատ մօտ դիրքի մը վրայ գտնուելով, գլուխով հարուածեց գնդակին, որ անցաւ գրեթէ անպաշտպան բերդի հորիզոնական ձողին վրայէն:

 

Մարաթոն

Հակառակ թեթեւօրէն վիրաւորուելուն, ուկանտացի Սթիւըն Քիփրոչ շարունակեց վազել եւ գերազանցեց իր մրցակիցները` նուաճելով ոսկի մետալը:

 

Բռնցքամարտ

+ 91 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ բրիտանացի Անթոնի Ճոշուա յաղթեց ողիմպիականի ախոյեան Ռոպերթօ Քամմարելլին եւ նուաճեց ոսկի մետալը:

 

Պասքեթպոլ

Միացեալ Նահանգներու խումբերուն տիտղոսները անսպասելի չէին: Արդարեւ, տղոց աւարտական մրցումին Միացեալ Նահանգներու տղոց խումբը բացառիկ խաղարկութեամբ մը 107-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպանիան եւ նուաճեց ոսկին:

Պասքեթպոլի կիներու Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը ողիմպիական խաղերու աւարտականին համոզիչ յաղթանակ մը տարաւ Ֆրանսայի խումբին դէմ (86-50) եւ նուաճեց ոսկի մետալը: Արծաթ մետալը նուաճեց Ֆրանսա, իսկ պրոնզը` Աւստրալիա, որ 83-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռուսիոյ կիներու խումբը:

 

Վոլիպոլ

Տղոց վոլիպոլի ոսկի մետալը նուաճեց Ռուսիա` յաղթելէ ետք Պրազիլի: Իսկ կիներու ոսկին նուաճեց Պրազիլ:

 

Ըմբշամարտ- ազատ ոճ

96 քկ ծանրութեան դասակարգին աւարտական մրցումին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ճաքոպ Վառնըր 1-0 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Վալերի Անտրիցիեւի:

 

ՈՒՍԷՅՆ ՊՈԼԹ ՎԵՑԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ճամայքայի քառեակը Ուսէյն Պոլթի գլխաւորութեամբ աշխարհի մրցանիշով նուաճեց տղոց 4×100 մեթր դրօշարշաւի (փոխանցում վազք) ողիմպիական ախոյեանի տիտղոսը: Ուսէյն Պոլթ, որ վազեց վերջին 100 մեթրին, դարձաւ ողիմպիական վեցակի ախոյեան: Աշխարհի մրցանիշը այժմ 36,84 երկվայրկեան է: Նախորդ մրցանիշը 37,04 երկվայրկեան էր:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ 3 ՄԵՏԱԼՈՎ

30-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչները նուաճեցին 3 մետալ` մէկ արծաթ, երկու պրոնզ: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները յաջողութիւն չարձանագրեցին:

2008 թուականի Փեքինի ողիմպիական խաղերուն Հայաստան նուաճած էր 6 պրոնզ մետալ:

Ազատ ոճի ըմբիշ Դաւիթ Սաֆարեան (66 քկ) Հայաստանի վերջին մասնակիցն էր, վերջին յոյսը, Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն վերջին օրը: Սակայն Դաւիթ քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչէն:կորսնցներ հետեւելու ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներու մրցումներուն:

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐԸ

 

ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ

1.- Միացեալ Նահանգներ 46 29 29 104

2.- Չինաստան 38 27 22 87

3.- Մեծն Բրիտանիա 29 17 19 65

4.- Ռուսիա 24 25 33 82

5.- Հարաւային Քորէա 13 8 7 28

—————————————

60.- Հայաստան 0 1 2 3

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )