«Կ՛ուրախանամ Հայերուն Յաղթանակներով, Կը Տխրիմ Պարտութիւններով» Կ՛ըսէ Արթուր Աբրահամ

Արհեստավարժ բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան (Այ.Պի. Էֆ.) Արթուր Աբրահամ Գերմանիոյ մէջ այժմ կը պատրաստուի 25 օգոստոսին տեղի ունենալիք մենամարտին, որուն ընթացքին պիտի պայքարի աշխարհի ախոյեան Ռոպերթ Շտիկլիցի հետ:

Պարզ է, որ Արթուր Աբրահամ շատ զբաղած է, բայց ան առիթը չի կորսնցներ հետեւելու ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներու մրցումներուն:

«Ժամանակս անպայման կը դասաւորեմ, որպէսզի հետեւիմ հայ մարզիկներու մրցումներուն: Ինծի համար անոնց իւրաքանչիւր պայքար, ամէն յաղթանակ եւ յաջողութիւն կարեւոր է», ըսաւ Արթուր Աբրահամ` հայաստանեան լրատու կայքէջի մը տուած հարցազրոյցին մէջ:

Մեկնաբանելով հայ ծանրաբարձներուն ձախողութիւնը` Արթուր Աբրահամ ըսաւ. «Ատոնք զիս շատ կը տխրեցնեն: Ցաւալի է: Բոլոր մրցումներուն հետեւեցայ: Կը կարծեմ, որ մերինները իրենց ուժով ետ չէին մնար միւսներէն: Սակայն այդ տխրութիւնը Հռիփսիմէն իր յաղթանակով մեղմացուց: Կը խորհիմ, որ պարտութիւնը պէտք չէ այդքան ցաւագին ընդունիլ: Ի՞նչ կրնաս ընել: Ասիկա մարզանք է եւ ամէն ինչ կը պատահի: Մարզանքը ոչ միայն թեքնիք է, ուժ է, այլեւ` հոգեբանութիւն: Կրնայ մարզիկը ֆիզիքապէս ամբողջովին պատրաստ ըլլալ, հիանալի մարզական վիճակի մէջ ըլլալ, բայց հոգեպէս տկար ըլլալ եւ պարտութիւն կրել: Պարտութիւններու պատճառները հիմնականին մէջ հոգեպէս պատրաստ չըլլալէն են: Մարզանքի մէջ ամէն ինչ պէտք է հաւասարակշռուած ըլլայ եւ իրարու կապուած. պէտք է ուժեղ ըլլաս եւ հոգեբանօրէն պատրաստուած` մենամարտիդ»:

Արթուր Աբրահամ ըսաւ, որ բոլոր հայ մարզիկներու մրցումներուն կը հետեւի:

«Չեմ կրնար չհետեւիլ: Մեծ ուշադրութեամբ դիտեցի արծաթէ մետալակիր Լեւոն Ճուլֆալակեանի եւ պրոնզէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանի գօտեմարտերը: Զիս շատ ուրախացուց Հռիփսիմէ Խուրշուտեանի պրոնզէ մետալ նուաճելը: Ատիկա իսկապէս անկարելի էր: Կը փորձեմ հետեւիլ նաեւ Ռուսիան ներկայացնող հայ մարզիկներու մրցումներուն: Անոնց յաղթանակներով ալ կ՛ուրախանամ եւ կը հպարտանամ: Ես ինքս հայ եւ մարզիկ ըլլալով, ինչպէս կրնամ չհետեւիլ հայ տղաներուն մրցումներուն: Չեմ կրնար անտարբեր մնալ որեւէ երեւոյթի նկատմամբ, եթէ ատոր մէջ հայ կայ, կամ կը հնչէ հայու անուն` ըլլայ ատիկա մարզանք, թէ ուրիշ մարզ», ըսաւ Արթուր Աբրահամ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )