«Բագին» (Ապրիլ, Մայիս, Յունիս)

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

«Բագին» եռամսեայ ամսագիրը կը շարունակէ իր «կեանքը» կանոնաւոր կերպով` խմբագրութեամբ Յակոբ Պալեանի: «Բագին» տեղ կու տայ եւ կը քաջալերէ մեր գրողները, մասնաւորաբար` երիտասարդ գրողները, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց գրական փորձերը` յուսալով, որ անոնք պիտի կատարելագործեն իրենց ստեղծագործական ջանքերը: Կարեւորը` հայոց լեզուն ծաղկի նոր սերունդի գրիչով:

«Բագին»-ի այս համարին մէջ կը կարդանք գրութիւնները ամսագրի աշխատակիցներուն եւ նոր անուններու: Տեղ կը տրուի նաեւ մեր հայրենի գրողներուն: Այսուհանդերձ, փափաքելի է, որ արեւմտահայերէնով մեր գրողները չտատամսին ներկայացնելու նոր երկեր, բանաստեղծութիւն ըլլայ թէ արձակ, կամ` թարգմանչական, ուսումնասիրական աշխատանք:

Այս թիւը կը բացուի խմբագրութեան կողմէ արձանագրուած տեղեկատուական յօդուածով մը` «Հայ գրողներու վեցերորդ համագումարէն թելադրուած» խորագիրով:

Յաջորդ էջերուն կը կարդանք բանաստեղծութիւններ` Ս. Դ. Գրիգորեանէն, Մարուշ Երամեանէն, Սարգիս Կիրակոսեանէն:

Արձակի բաժինը կը սկսի Յակոբ Պալեանի ստորագրած մէկ պատմուածքով, որ կը կրէ «Այդ առաւօտ Ատրինէի հմայքը անյայտացած» վերնագիրը:

Պատմուածքը կ՛անդրադառնայ գեղեցկուհիի մը դէմքին անճանաչելի դառնալուն` տխրութեամբ համակելով զայն դիտողները:

Խորհրդային ամբողջատիրական վարչակարգի բռնակալութեան զոհերէն, Սիպերիոյ դաժան աքսորը ապրած Ասքանազ Կարապետեանին նուիրուած խմբագրական մատուցումով երկ մը ներկայացուցած է աքսորեալին դուստրը` Համեստ Կարապետեան: Սիպերիա աքսորուած անմեղ մարդոց տանջալի պատմութիւնն է այս գրութիւնը, որ անգամ մը եւս կը յուզէ, կը ցնցէ հոգին ընթերցողին` նոյն ատեն մտածելով Ստալինի եւ անոր հետեւորդներուն մասին, թէ անոնք ինչպէս «հոգի տուին» այսքան աններելի մեղքեր գործելէ ետք…:

«Ծանր վարագոյր» վերնագիրը կրող այս յուշապատումը («Յուշեր` բանտարկեալ Ասքանազ Աւագի Կարապետեանի կեանքից»), 19 էջերով ներկայացուած, անսպառ թեմա մըն է սիպերիական աքսորավայրի կեանքէն փոխանցուած, որ տակաւին կը շարունակուի լոյս տեսնել հայրենի թէ արտասահմանեան մամուլով, հատորներով:

                                           ***

Այս համարով լայն տեղ տրամադրուած է լիբանանահայ բեմադրիչ, դերասան Վարուժան Խտըշեանի թատերական գործունէութեան, «Թատրոնի միջազգային օր»-ուան առիթով: Այս կապակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց գեղարուեստական հանդիպում մը, ուր ներկայացուեցաւ Վարուժան Խտըշեանի 1970 թուականին բեմադրած «Ով կը վախնայ Վիրճինիա Վուլֆէն» թատրերկին հայերէնի թարգմանուած գիրքը: Տաղանդաւոր արուեստագէտին թատերական գործունէութեան կարեւոր ժամանակաշրջանին արձագանգները կը լսուին այս գնահատելի ձեռնարկով:

«Բագին»-ի նոյն համարին մէջ կը կարդանք նաեւ համբաւի տիրացած ամերիկահայ գրագէտ, բանաստեղծ եւ թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի թատերական գործունէութեան, անոր ստեղծագործած թատերական երկերուն մասին: Այս մասին արձագանգած է «Բագին» Հ. Մարգարեանի «Սայլընս» թատրերկին, որ բեմադրուած է Պրոտուէյի բեմին վրայ:

Հրանդ Մարգարեան ժամանակակից այն հեղինակն է, որ յանձնառու տրամադրութեամբ, հետեւողական ստեղծագործութիւններով կը հարստացնէ արեւմտահայ գեղարուեստական գրականութիւնը, մասնաւորաբար` թատրերգութիւնը:

«Բագին»-ի խմբագիր, հրապարակագիր, վիպագիր Յակոբ Պալեան ջանք չի խնայեր ներկայացնելու օտարազգի գրողներու ստեղծագործութիւններ: Կը ծանօթացնէ զանոնք հայ ընթերցողին` հետաքրքրութիւն ստեղծելով ընթերցասէր գրասէրին մօտ: Այս թիւով ան ընթերցողին կը ծանօթացնէ ափրիկեցի համբաւաւոր գրագէտ մը` Էմէ Սեզերը: Ան ծնած է Խաղաղականի Մարթինիք կղզիին մէջ, աղքատ ու բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ, 1913-ին: Կը մահանայ 2008-ին: Յիշենք, որ այս կղզին եղած է ֆրանսական գաղութ:

Ֆրանսական գաղթատիրական մշակոյթով սնած Էմէ Սեզեր բանաստեղծը լոյս ընծայած է ֆրանսերէնով բազմաթիւ հատորներ, որոնց մատենագիտական ցանկը ներկայացուած է այս էջերով, նաեւ` հեղինակին լուսանկարով: «Բագին»-ի թարգմանչական գրականութեան յատկացուած էջերը կը ծառայեն գրականութեան ոլորտին մէջ ընթերցողին ընդհանուր գիտութիւնը զարգացնելու:

Յաջորդական էջերուն կը կարդանք երկու գրախօսական, Յ. Պալեանի լոյս ընծայած «Ամերիկա, Ամերիկա, երազ եւ խորտակման լքումներ» վէպին մասին: Գրախօսականները գրած են եւ գնահատական արժեւորումներ կատարած են հալէպահայ գրագէտ Թորոս Թորանեան եւ Սագօ Արեան:

                                    ***

Նամակագրական բաժին մը տրամադրած է «Բագին», ուր կը կարդանք Աւ. Իսահակեանի նամակը: Այս անտիպ նամակը Աւետիք Իսահակեան յղած է Գուրգէն Բորեանի:

Դարձեալ նամակագրական գրականութեան յատուկ նամակներ տպուած են այս էջերուն մէջ, նամակներ` փոխանակուած գրագէտ Կոստան Զարեանի եւ Գարեգին Լեւոնեանի միջեւ: Նամակագրական գրականութիւնը երեւան կը բերէ իր ժամանակի անցուդարձերը, երբեմն` գաղտնի, նոյն ատեն` պատմական ճշմարտութիւններ եւ նշանաւոր անձերու վերաբերեալ նորութիւններ:

Կը շարունակենք ընթերցանութիւնը: Կը տեղեկանանք Գրողներու վեցերորդ համահայկական համաժողովի հաղորդագրութեան: Այս համաժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստան: Այս կապակցութեամբ «Բագին» կատարեց որոշ քննարկումներ եւ քննադատական ակնարկ:

Իրանահայ գրողներու միութիւնը կը տօնէ իր հիմնադրութեան յիսնամեակը: Կը կարդանք ծրագրուած ձեռնարկներու մասին:

Գեղանկարչութեան վերապահուած էջով կը ծանօթանանք Միսաք Թերզեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսին` գեղանկարներու լուսանկարներով: Վերջին էջերուն տրուած են «Բագին»-ի ստացած գիրքերուն ցանկը` լուսանկարներով:

Աւարտելէ ետք ընթերցումը, կ՛ունենանք գոհունակութիւնը, թէ կը շարունակուի սփիւռքահայութեան գրական գործունէութիւնը, որքան ալ յուսատու չըլլան պայմանները, որքան ալ լսենք, թէ գիրք կարդացողներուն թիւը նուազած է, որովհետեւ համացանցը գրաւած է անոր տեղը: Այսուհանդերձ, հայ մամուլը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` արժեւորելով հայ գիրքը, ընթերցանութեան հմայքը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )