Ընկերային Հրատապ Հարցեր. Վարձակալական Սեւ Օրինագիծ
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Վարչական եւ արդարադատական հարցերու գծով` խորհրդարանական յանձնաժողովին կողմէ ընդունուած վարձակալական նոր օրէնքին նախագիծը, որ կ՛ըսուի, թէ տակաւին չէ փոխանցուած խորհրդարանին… (՞) վարձակալներու 180 հազար ընտանիքներ բնակարանազրկելու եւ զանոնք փողոց թափելու սեւ ծրագիր մըն է, որուն ետին կանգնած են` Սոլիտերը, դրամատուները, մեծ կալուածատէրերն ու լիբանանցի եւ մասնաւորաբար օտարական ֆինանսատէրեր… յատկապէս` Մեծն Պէյրութն ու միւս մեծ քաղաքները պարպելու համար հին եւ ընչազուրկ վարձակալներէն… ասոնց զբաղեցուցած հին շէնքերը ծախելու համար յիշեալ ֆինանսատէրերուն, որպէսզի այս վերջինները փլցնեն զանոնք եւ փոխարէնը նոր բազմայարկանի երկնաքերներ կառուցեն` ոտնահարելով լիբանանցի քաղաքացիներու բնակարանի բնական եւ խիստ կենսական իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Մարդու իրաւանց տիեզերական հռչակագրով ու Լիբանանի սահմանադրութեամբ:
Համեստ եկամտաւոր քաղաքացիները իրենց հարազատացած ու ընտելացած բնակարաններէն բռնահանելու եւ զանոնք իրենց իսկ հայրենիքին մէջ անօթեւան գաղթականներու վերածելու այս սեւ ծրագիրը համազօր է ազգային ոճրագործութեան, որ աննախընթաց ոճիր մըն է անկախութենէն ասդին, որուն ոճրագործները ո՛չ օսմանեան լուծի օրերու վալիներն են եւ ո՛չ ալ ֆրանսական հոգատարութեան լուծի օրերու գաղութարարները, այլ` անկախ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխանները, որոնք կը պատկանին անխտիր բոլոր համայնքներուն, խորհրդարանի «մեծամասնականներ»-ուն եւ «փոքրամասնականներ»-ուն, հաւասարապէս, իշխանամէտներուն եւ ընդդիմադիրներուն, «Մարտ 8»-ի եւ «Մարտ 14»-ի կողմնակիցներուն:
Ասիկա` այնպիսի օրերու մէջ, երբ երկրին մէջ սղաճը հասած է իր բարձրագոյն առաստաղին, երբ գործազրկութիւնը մագլցած է կարմիր գիծէն շատ վեր` հասնելով 40 տոկոսի, երբ երկրի տնտեսական կեանքի կայունութիւնն ու ներքին ապահովութեան անդորրութիւնը վտանգի մատնուած են ամէն օր եւ ամէն ժամ, եւ երբ երկրին անվտանգութեան կը սպառնան նաեւ արտաքին ստոյգ վտանգներ` հարաւէն, սիոնական ռազմատենչ պետութենէն, եւ հիւսիս-արեւելքէն, սուրիական պատերազմական վիճակէն, դեռ չհաշուած` Լիբանան ներթափանցած իսլամական խաւարամիտ գոյնզգոյն վարձկան զինեալներ, որոնք կը սպառնան երկրի բանակին եւ կը փորձեն երկիրը բաժնելու նախնադարեան կրօնական էմիրութիւններու:
Այս արտակարգօրէն ճգնաժամային պայմաններուն տակ, բնա՛ւ առաջնահերթութիւն մը չէ վարձքերու նոր օրէնք մը, այլ տարրական ողջմտութիւնն ու հասարակական շրջահայեացութիւնը կը պահանջեն առայժմ երկարաձգել վարձքերու գործող օրէնքը ժամանակ մը, մինչեւ խաղաղումը քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական այս ջրհեղեղին ջուրերուն: Եթէ երբեք մեր երեսփոխանները կ՛ապրին այս օրերու Լիբանանին մէջ եւ չեն գտնուիր Երկիր մոլորակէն տարբեր մոլորակի մը վրայ, ուրկէ պատերազմ կը հռչակեն իրենց հայրենակիցներու` Լիբանանի մէջ կեցութիւն ունեցողներու 30 տոկոսին դէմ:
Լիբանանի հայ համեստ եկամուտի տէր քաղաքացիներու Եղեռնէն եւ տարագրութենէն դեռեւս վերապրող ծնողները կրկին անգամ պիտի ճաշակեն գաղթականութեան զրկանքներն ու դառնութիւնները, անօգնականութեան վհատեցուցիչ զգացումը եւ վաղուան անստուգութեան թեւաթափող մղձաւանջը, այս անգամ ալ` իրենց որդեգիր հայրենիքին մէջ… հակառակ անոր որ հայ երեսփոխաններ ու նախարարներ ալ ունին այս երկրին մէջ:
Լիբանանի հայ երեսփոխաններէն ու նախարարներէն կը սպասուի, որ լրջօրէն զբաղին այս դաւադրական սեւ նախագիծով եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն արգելք հանդիսանալու համար այս նախագիծի վաւերացումին` խորհրդարանէն ներս, տրուած ըլլալով, որ իրենք պաշտօնապէս կը ներկայացնեն հայ քաղաքացիները, որոնք ըլլալով զաւակները Եղեռնի ու տարագրութեան հայրենազուրկ եւ արմատախիլ սերունդներուն, մեծամասնութեամբ զրկուած են` Լիբանանի մէջ իրենց մեծ հայրերէն ժառանգ մնացած բնակարաններու եւ կալուածաթուղթերու այն բարիքներէն, զորս կը վայելեն բնիկ լիբանանցիները, եւ ուրեմն իրենք կը գտնուին բնակարանազրկող ու փողոց թափող այս սեւ նախագիծի թնդանօթին դիմաց, ամէնէն առաջ: Հայ երեսփոխաններուն աւագ պարտականութիւնն է անօգնական եւ անտէր չձգել համեստ եկամտաւոր իրենց ազգակիցները, աշխատաւորներն ու փոքր պաշտօնեաները, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ու գրող-մտաւորականները, որոնք անփոխարինելի ծառայութիւններ կը մատուցեն հայ դպրոցին, հայ մամուլին, հայ գիրքին ու ներազգային կեանքին, բացի` իրենց քուէներով երաշխաւորելէ նոյնինքն հայ երեսփոխաններու ընտրութիւնը: Նաեւ հայկական կուսակցութիւնները, համայնքապետները, միութիւններն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները պարտին նեցուկ կանգնելու եւ նոյնիսկ առաջնորդելու հայ համեստ եկամտաւոր վարձակալներու կազմակերպելիք բողոքի շարժումներն ու պահանջատիրական ցոյցերը այս սեւ նախագիծին դէմ:
Այս սեւ նախագիծին դէմ արդէն իսկ կազմակերպուած է վարձակալներու պաշտպան համալիբանանեան համախմբում մը, որուն հետ հարկ է որ կապեր հաստատեն հայ վարձակալներու իրաւունքները պաշտպանել ցանկացող բոլոր հայկական ուժերը` գործնապէս մասնակցութիւն բերելու համար հայ եւ արաբ խառն բնակչութեամբ թաղամասերուն մէջ կազմակերպուելիք հաւաքներուն, նստացոյցերուն եւ այլ կարգի ցոյցերուն, քանի որ այս պայքարին մէջ հայ եւ արաբ միասնականութիւնը կը զօրացնէ պահանջատիրութիւնը, ինչ որ հաւասարապէս նպաստաւոր է թէ՛ հայ եւ թէ՛ արաբ քաղաքացիներուն, երբ խափանուի այս սեւ նախագիծը:
Վարձակալներու պաշտպան համալիբանանեան համախմբումի վերջին ընդլայնուած նիստին, որ կայացաւ 15 յունիս 2012-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, որուն մասնակցեցաւ տողերս գրողը եւս` իբրեւ հանգստեան կոչուած փաստաբան-վարձակալ, ունեցաւ մասնակիցներ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն, բանուորական եւ արհեստաւորներու սենտիքաներու ներկայացուցիչներ, թաղային յանձնախումբերու պատուիրակներ եւ բարեսիրական ու ժողովրդային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մամուլի աշխատողներ, փաստաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին իրենց բացակայութեամբ կը փայլէին լիբանանահայ քաղաքացիները ներկայացնող մարմիններ: Մինչդեռ, ինչպէս ըսինք, այս սեւ նախագիծը աւելի ուժգնօրէն կը հարուածէ հայ համեստ եկամտաւոր խաւերը, որոնք ողնասիւնը կը հանդիսանան լիբանանահայ գաղութին:
Այս ընդլայնուած նիստին ներկաները ձեռամբարձ ու միաձայն որդեգրեցին հետեւեալ որոշումները.
ա) Ամբողջութեամբ մերժել այս նախագիծը, որ կը սպառնայ բնակարանազրկել եւ փողոց թափել Լիբանանի մէջ մնայուն կեցութիւն ունեցող քաղաքացիներուն 30 տոկոսը:
բ) Պատրաստուիլ փողոց իջնելու` հերթաբար եւ շարունակականօրէն, մինչեւ այս նախագիծին յետս կոչումը իշխանութեանց կողմէ, կազմակերպել նստացոյցեր, տարբեր թաղերու մէջ վրաններ զետեղել եւ այլ միջոցառումներ:
գ) Միահամուռ կերպով պայքարիլ` յառաջիկայ ընտրութեանց մէջ ձախողեցնելու համար թեկնածութիւնը այն երեսփոխաններուն, որոնք մասնակցած են այս նախագիծի պատրաստութեան, կամ թերացած են զայն վիժեցնելու փորձ չկատարելով, քանի որ ասիկա կենաց-մահու հարց մըն է:
դ) Վարձակալական օրէնքին այս նոր նախագիծը հռչակել անկախութեան շրջանի մեծագոյն ոճիրը ժողովրդային զանգուածներուն դէմ, մեծահարուստներու քաղքենի դասակարգին կողմէ:
ե) Պահանջել երկարաձգումը թիւ 160/92 համար գործող օրէնքին քանի մը տարիով, առիթ տալու համար, որպէսզի այլընտրանքային նախագիծի պատրաստութիւնը կատարուի հանդարտ, արդար, մարդկայնական եւ առարկայական հիմերու վրայ, որուն անպայմանօրէն մասնակցին նաեւ վարձակալները իրենց տարբեր խաւերով, եւ մասնաւորաբար պետութիւնը իր տարբեր մարմիններով` վերցնելով գլխաւոր պատասխանատուութիւնը յաչս քաղաքացիներուն, յարգելով սահմանադրութեան երաշխիքը բնակարանի իրաւունքին:
զ) Յուսալով, որ ստիպուած չենք ըլլար դիմելու քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ ապստամբութեան` այս նախագիծին յետս չկոչուելու պարագային:
է) Յայտարարել, որ եթէ այն երեսփոխանները, գլխաւորութեամբ քաղքենի Ռոպեր Ղանեմի, որոնք այս նախագիծը մշակեցին, քաջ կը գիտակցին, թէ ի՛նչ կ՛ընեն, կ՛ըսենք իրենց, թէ ասիկա կանխամտածուած ոճիր մըն է, զոր կը գործեն. իսկ եթէ չեն գիտակցիր, ապա ուրեմն արժանի չեն ներկայացնելու լիբանանցի իրաւազրկեալ ժողովուրդը:
Այս խռովայոյզ ներածականէն ետք, հարկ կը տեսնենք տալու կարգ մը պատմական ու իրաւագիտական տեղեկութիւններ վարձակալական օրէնքներու շուրջ եւ յիշելու այս սեւ նախագիծին գլխաւոր խոցելի յօդուածները, այլ առիթի մը թողլով նախագիծին մանրամասն քննարկումը:
Բ. Աշխարհամարտէն եւ Լիբանանի անկախութենէն ասդին, երկրի վարձակալական պայմանագրութիւններու օրէնքները եղած են արտակարգ օրէնքներ, չեն հետեւած շուկայական պահանջարկ-առաջարկ անտառային կանոնին, չեն ազատականացուցած վարձակալական պայմանագրութիւնները, տանտիրոջ բացարձակ ազատութիւն չեն տուած իր կամեցած տեւողութեամբ միայն եւ իր պահանջած վարձքի սակով միայն վարձու տալու իր բնակարանները, այլ վերահսկած են, մասնաւորաբար` պայմանագրութեան տեւողութեան վրայ, եւ միշտ երկարաձգած են առկայ պայմանագրութիւններու տեւողութիւնը` նկատի ունենալով երկրի յետպատերազմեան տնտեսական ծանր պայմանները եւ 1958 թ. եւ 1975 թ. քաղաքացիական պատերազմներու ստեղծուած ապահովական երերուն եւ անկայուն վիճակները:
Այսօր այդ տնտեսական ծանր պայմաններն ու ապահովական երերուն վիճակները ոչ միայն բարելաւում չեն կրած, այլ, ընդհակառակը, հասած են պայթիւնավտանգ հանգամանքներու եւ վատթարացումի աստիճանին` յաւելեալ ըլլալով նաեւ արտաքին պատերազմական վիճակներու բերումով, որոնք յաջորդեցին 14 փետրուար 2005 թուականի վարչապետ Հարիրիի մեծապետական տեղաշարժային ահաբեկումը իր ցնցիչ հետեւանքներով, եւ 2006 թուականի 33-օրեայ իսրայէլեան ներխուժումը իր աւերիչ հետեւանքներով եւ մինչեւ օրս շարունակուող քաղաքական երկբեւեռացումով, տնտեսական ճգնաժամով եւ ապահովական անկայունութեամբ յատկանշուող ներկայի աննախընթացօրէն անստոյգ օրերը, որուն մէջ ներքին գործոց նախարարը կը մտածէ ստիպողական վիճակ յայտարարելու մասին:
Այսօր պարզ է եւ մեկին, որ ժամանակը չէ ընկերային նոր ցնցումներ տալու երկրին, վարձակալական պայմանագրութիւնները ազատականացնելու, այդ պայմանագրութիւնները թողլով` տանտէրներու բացարձակ ու կամակայան կամքին ու քմայքին, կամ շուկայական պահանջարկ-առաջարկ զուտ առեւտրական անզգամ կանոնին, որովհետեւ մարդուն բնակարան ունենալու իրաւունքը ամենատարրական, բնական ու գերազանցապէս կենսական իրաւունք մըն է, որ երաշխաւորուած է, կը կրկնենք, Մարդու իրաւանց տիեզերական հռչակագրով եւ Լիբանանի սահմանադրութեամբ, քանի որ սոսկական շուկայի ապրանք մը չէ, զոր կարելի է ենթարկել շուկայի կանոններուն, եւ ասիկա ճիշդ է նաեւ ամենավայրի դրամատիրական հասարակարգերուն մէջ անգամ:
Դրամատիրական, ազատ շուկայական երկիրներուն մէջ անգամ, ինչպէս Ֆրանսայի, պետութիւնը ոչ միայն մօտէն կը հսկէ բնակարանային վարձակալական պայմանագրութիւններուն վրայ, այլեւ իւրաքանչիւր մեծ քաղաքի քաղաքապետարանները կը կառուցեն HLM կոչուող ժողովրդային բնակարաններու համալիրներ, որոնք մատչելի գիներով եւ 20 կամ 30 տարիներու վրայ բաշխուած մասնավճարներով համեստ եկամտաւոր քաղաքացիներուն կը տրուին:
Մինչդեռ Լիբանանի այս պայթիւնավտանգ հանգամանքներուն տակ վարձակալական նոր օրէնքին այս սեւ նախագիծը կ՛որոշէ` պետական հակակշիռէ դուրս, տանտէրներու կամայական կամքին ենթարկել այն բոլոր հին պայմանագրութիւնները, որոնք կնքուած են 23 յուլիս 1992 թուականէն առաջ: Այս նախագիծին ամէնէն խոցելի եւ անպաշտպանելի յօդուածներն են` 3-րդը, 4-րդը, 8-րդը, 9-րդը եւ 28-րդը, որոնք միաժամանակ անհեթեթ են, թեթեւամիտ ու ծիծաղելի, մասնաւորաբար` յօդ. 28-րդ, որ այս խիստ ծանրակշիռ հարցին բացարձակ վճռահատումը կը յանձնէ յանձնախումբի մը հայեցողութեան, որ դատաստանական ատեան մը չէ, այլ` ատոր ծաղրանկարը լոկ, եւ մեզի կը վերյիշեցնէ Սոլիտէրի խամաճիկ «մասնաւոր դատարաններ»-ը, որոնց «դատաւորներ»-ը պաշտօնեաներ էին Սոլիտէրի մօտ եւ անկէ կը ստանային իրենց կաշառք-ամսականները եւ աղէտ մը հանդիսացան «շուկաներու շրջան»-ի խանութի տէրերուն համար, որոնցմէ շատեր սրտի կաթուածով մահացան, իսկ վերապրողները դեռ կը հետապնդեն իրենցմէ կորզուած իրաւունքներուն դատերը:
Այս նախագիծը կիրարկելի չէ այն պայմանագրութիւններուն, որոնք կնքուած են 23 յուլիս 1992 թուականէն ետք, որոնք ենթակայ են թիւ 159/92 համարը կրող օրէնքին, որ նոյնպէս անարդար է եւ կը կարօտի հիմնական բարեփոխումներու, քանի որ այս օրէնքը եւս Լիբանանի մէջ բնակարանային տագնապը համակողմանիօրէն եւ պետական պատասխանատու մտածելակերպով լուծելէ առաջ, տանտէրներու կամայականութեան յանձնած էր 23 յուլիս 1992 թուականէն ետք կնքուած նոր պայմանագրութիւնները, որոնց միայն երեք տարուան ժամանակամիջոցը խիստ կարճատեւ է եւ տանտիրոջ վարձքերը յաւելելու ազատութիւնը հակակշռուած չէ` սահմանափակող համեմատութեան մը առաստաղով, ինչ որ այդ նոր վարձակալները կը դատապարտէր անկայուն եւ անստոյգ վիճակներու մղձաւանջին:
Այս նոր նախագիծը կիրարկելի չէ նաեւ այն միւս խումբի պայմանագրութիւններուն, որոնք կը կոչուին «սեփականաշնորհումի վարձակալութիւն» (իժար թամալլուքի), որ թերի մնացած է, ինչպէս այս սեւ նախագիծը, որուն կը պակսին շարք մը լրացուցիչ օրինագիծեր ու հրամանագրեր, ինչ որ աւելորդ անգամ կը փաստէ Լիբանանի օրէնսդիրներուն ու կառավարութեան անպատասխանատու եւ թեթեւամիտ վերաբերմունքը քաղաքացիներու հիմնական ու խիստ կենսական իրաւունքին` բնակարանի իրաւունքին հանդէպ, որ աւելի մեծ չափով կը հարուածէ ոչ բնիկ, օրինակ, հայ քաղաքացիները, քանի որ բնիկները գոնէ շրջաններուն մէջ ունին պատառ մը հող կամ տնակ մը գէթ:
Այս նոր սեւ նախագիծի յօդ. 3-րդը 23 յուլիս 1992 թուականէն առաջ կնքուած պայմանագրութիւնները չեղեալ կը դարձնէ ասոր որդեգրումէն վեց տարիներ վերջ… հին վարձակալները փողոց թափելով` առանց հատուցումի, եւ` վեց տարիէն ալ առաջ, երբ վարձակալը ի վիճակի չըլլայ այդ վեց տարիներուն ընթացքին որոշեալ յաւելումները վճարելու…: Վեց տարիներ վերջ տանտիրոջ պահանջելիք նոր վարձքը, վստահօրէն, պիտի գլէ անցնի ընտանիքի եկամուտին 40 կամ 50 տոկոսը, երբ վարձքերու պայմանագրութեանց ազատականացումը ինքնին պիտի բարձրացնէ վարձքերու սակը, որ առաւել պիտի սրի օտարահպատակ գնորդներու ալ ներխուժումով, մասնաւորաբար` ծոցի էմիրներէն, ինչ որ բացարձակ անկարողութեան պիտի մատնէ հին վարձակալները, որոնք 20, 30, 40 կամ աւելի տարիներ ընտելացած ու հարազատացած պիտի ըլլան իրենց նոյնիսկ համեստ բնակարաններուն, եւ արդէն իսկ վճարած պիտի ըլլան իրենց նստած բնակարաններուն ամբողջական արժեգինը` քանի մը անգամ… եւ յանկարծ անօթեւան պիտի մնան: Ամէնէն անմխիթարական պարագան այն է, որ հին վարձակալներու կարեւոր մէկ մասը հանգստեան կոչուած եւ չնչին հանգստեան թոշակով կամ առանց հանգստեան թոշակի ապրող ծերունազարդ քաղաքացիները առիթը պիտի չունենան իրենց զաւակները ամուսնացնելու, երբ զրկուին հին պայմանագրութենէն, որովհետեւ անոնցմէ շատերուն զաւակները համարձակեր ու կարողացեր էին տուն կազմել` օգտուելով հին պայմանագրութիւններէն, որոնք հիմա պիտի չկարենան մտածել ամուսնանալու եւ տուն կազմելու մասին, ինչ որ մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ մեր գաղութի բնական աճումին: Կարճ խօսքով, այս սեւ նախագիծին վաւերացումը խորհրդարանին կողմէ մարդկային եւ ընկերային իսկական ողբերգութիւն մը պիտի ըլլայ:
Այս սեւ նախագիծի տմարդի եւ անարդար, զուտ շուկայական յօդուածներուն մանրամասն քննարկումը թողլով այլ առիթի մը` ստորեւ կ՛ուզենք ամփոփել կէտերը այն յուշագիրին, զոր 3 յուլիս 2012 թուականին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յանձնեց Լիբանանի վարձակալներու պաշտպան համախմբումին ընդլայնուած նիստէն (15 յունիս, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ) բխած Հետեւումի յանձնախումբը:
«Այսու կու գանք ձերդ յարգամեծարութեան տեղեկացնելու այն աղիտալի հետեւանքները, որոնք պիտի հարուածեն լիբանանեան հայրենիքը, եթէ այս նախագիծը փոխանցուելու ըլլայ պաշտօնապէս խորհրդարանիդ եւ դրուելու ըլլայ խորհրդարանի յաջորդ լիագումար նիստի օրակարգին վրայ` առ ի քննարկում եւ վաւերացում.-
«- Հին վարձակալներու ընդհանուր թիւը 800 հազար քաղաքացի կը հաշուէ, կամ` 180 հազար ընտանիք:
«- Ասոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Պէյրութի եւ արուարձաններուն, ինչպէս նաեւ` Թրիփոլիի, Սայտայի եւ Ժունիէի մէջ, որոնց կարեւոր մէկ մասը հանգստեան կոչուած քաղաքացիներ են:
«- Այս քաղաքացիներուն մեծագոյն մասը համեստ եւ միջակ եկամտաւորներ են:
«- Թիւ 159/92 համարով օրէնքը չլուծեց բնակարանային հարցը երկրին մէջ, ընդհակառակը, նոր վարձակալները մատնեց մնայուն մղձաւանջի` իր կարճաժամկէտ տեւողութեամբ, եւ տանտէրներու կամայական յաւելումներուն վրայ` յաւելումի առաստաղ մը դրուած չըլլալուն պատճառով:
«- Սեփականաշնորհումի վարձակալութեան օրէնքէն (իժար թամալլուքի), ամբողջութեամբ դուրս ձգուած են հին վարձակալները:
«Այս նոր նախագիծին հետեւանքներն ու ունենալիք վնասները երկիրը պիտի առաջնորդեն մարդկային աղէտի մը, տնտեսական եւ ընկերային քաոսի մը, որ երկիրը պիտի մատնէ աննախադէպ իրավիճակի մը` բնակարանազրկելով ու գաղթականի վերածելով վարձակալներու մեծ մասը, անոնց` օրէնքի ուժով, պարտադրելով հիմնական, գլխիվայր փոփոխութիւնը իրենց ընկերային կապերուն ու կենցաղային սովորութիւններուն:
«- Վարձակալները ենթարկելով ծանրակշիռ յաւելումներու, յարկաբաժինին վարձքը հասցնելով այժմու նոր արժեգինին 7%-ին:
«- Ազատականացնելով բոլոր հին պայմանագրութիւնները` նախագիծի վաւերացումէն վեց տարիներ վերջ, եւ նոյնիսկ` ատկէ առաջ ալ, եթէ վարձակալը անկարող ըլլայ վճարելու նոյնիսկ վեց տարիներու տեւողութեան նախատեսուած ծանր յաւելումները:
«- Քանդելով նախորդ դարու 70-ականներէն կազմաւորուած ազգային համատեղ խառն կեանքի բացատները:
«- Զարկ տալով միջկրօնական խտրականութեան ու յարանուանական զտումին, ստիպելով վարձակալները վերադառնալու իրենց սկզբնական շրջաններուն:
«- Պարպելով մասնաւորաբար Պէյրութը համեստ ու միջակ եկամտաւոր քաղաքացիներէն:
«- Առիթ ստեղծելով կալուածային մեծ ընկերութիւններուն եւ դրամատուներուն` ձեռք դնելու հին շէնքերու կալուածներուն վրայ, վտարելէ ետք վարձակալները:
«- Դիւրացնելով փլուզումը Պէյրութի տակաւին կանգուն մնացած պատմական, ազգային մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող շէնքերուն, եւ նոյնը` միւս քաղաքներուն մէջ, ջնջելով հայրենիքի պատմական յիշողութիւնը:
«- Հին վարձակալներու մեծամասնութիւնը դատապարտելով անորոշ ճակատագրի, զանոնք զրկելով նաեւ հատուցումի իրաւունքէն:
«- Արմատական փոփոխութիւններ բռնի կերպով պարտադրելով բոլոր հին վարձակալներու ընտանիքներուն, իրենց բնակութեան աշխատանքի եւ ընկերային յարաբերութիւններու դրուածքին մէջ:
«Մեկնելով այս բոլոր ժխտական եւ աղէտալի հետեւանքներէն` կը յուսանք ձերդ նախագահութենէն` ընդառաջել մեր հետեւեալ պահանջներուն.-
«1.- Դուրս հանել այս նախագիծը` անոր ներկայացուցած լուրջ վտանգներուն պատճառով, վարչական ու դատաստանական հարցերու գծով խորհրդարանական յանձնաժողովին օրակարգէն:
«2.- Ներկայիս գործող վարձքերու թիւ 160/92 համարը կրող օրէնքը երկարաձգել 3 տարիով, որուն ընթացքին մշակելու համար բնակարանային տագնապը լուծող իրապաշտ ու համապարփակ ծրագիր մը, եւ զայն գործի դնել, երբ պայմանները բարելաւուած ըլլան:
«3.- Վճռականօրէն հաստատ մնալ քաղաքացիներու բնակարանի իրաւունքին վրայ` որպէս մարդու իրաւանց անբաժանելի եւ կենսական մասը, միաժամանակ հաստատելով վարձակալին հատուցումի իրաւունքը` բնակարանը պարպելուն դիմաց:
«4.- Բարեփոխել թիւ 159/92 համարով օրէնքը, որ որդեգրած է պայմանագրութիւններու ազատականացման սկզբունքը 23 յուլիս 1992 թուականէն ետք կնքուող պայմանագրութեանց համար` ապահովելու համար այդ խումբի վարձակալներու ընտանիքներուն կեանքի նուազագոյն կայունութիւնը, եւ այդ երաշխաւորելու համար`
«ա) Պայմանագրութեան ժամանակամիջոցը բարձրացնելով` 3-էն մինչեւ 5 կամ 10 տարիի: Եւ
«բ) Սահմանել տանտիրոջ յաւելումներ կատարելու իրաւունքը հակակշռող համեմատութեան առաստաղ մը, որպէսզի յաւելումները ազատ թողուած չըլլան տանտիրոջ կամքին ու քմահաճոյքին:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով:
Ի դիմաց`
Լիբանանի Վարձակալներու պաշտպան
համախմբումի հետեւումի յանձնախումբի
Պէյրութ, 3 յուլիս 2012»:
Եւ այս, միայն սկիզբն է` վարձակալներու երկարաշունչ պայքարին…: