Ինքնորոշման Ժողովրդավարական Ուղին Եւ Հայկական Դիւանագիտութեան Նորացման Առիթ Մը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Իր սկիզբի առաջին օրէն արցախեան ինքնորոշման իրաւունքի գործընթացը տեղադրուեցաւ ժողովրդավարական ուղիին վրայ: Խորհրդային վարչակարգի օրերուն իսկ եւ միակուսակցական համակարգի իւրայատուկ սահմանադրական իրաւունքներու տրամաբանութեամբ, Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն անջատուելու փետրուար 1988-ին այն ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Խորհուրդին դիմումը Մոսկուային` կը տեղադրուէր Գորբաչովի նախաձեռնած բարեկարգումներու ոլորտին մէջ: Այդ իմաստով, այսօր արդէն պատմութեան անցած կլասնոսթի ու փերեսթրոյքայի ենթադրած համակարգի քաղաքական զգուշաւոր ազատականացման համահունչ, արցախեան գործընթացը ժողովրդավարացման գործընթաց էր:

Դժբախտաբար խորհրդային համակարգի վերահսկուած բարեկարգման այդ ամենայանդուգն փորձը ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի արտայայտման տարածութիւն չէր նախատեսած: Առաջին հերթին, որովհետեւ Գորբաչովն ու իր համախոհները հաւատացեալ համայնավարներ էին, համակարգի բարեկարգումը կը դիտէին լենինեան ուղիի վերադարձի նախանձախնդրութեամբ եւ ոչ թէ որպէս ժողովրդավարացման ազատ փորձ: Համոզուած էին մանաւանդ, որ խորհրդային փորձի մեծագոյն ձեռքբերումը ազգամիջեան պատմական խնդիրներու ու տարածաշրջանային վէճերու գերազանցումն էր եւ այդ ձեռքբերման գերագոյն փաստը խորհրդային մարդու ու քաղաքացիի կերպարի ու ինքնութեան ձեւաւորումն էր: Թէ խորհրդային հասարակարգը կը տառապէր որոշ ախտերով, ինչպիսին էր փտածութիւնը կամ ալքոլամոլութիւնը, այդ մէկը կը վերագրուէր տնտեսութեան լճացման ու ղեկավարներու ապիկարութեան: Բայց «նացիոնալիզմ»-ի «ախտը», եւ հոս հարկ է ընդգծել, որ այս նոյն յղացքով կը հաւասարեցուէր ե՛ւ ֆաշականութիւնը, ե՛ւ ազգայնութիւնը (կամ ինչպէս ընդունուած է կոչել` ազգային գաղափարախօսութիւնը), որոնց փոխարէն կը գործածուէր «հայրենասիրութիւն»-ը որպէս քաղաքականօրէն ճիշդ սահմանում, արմատախիլ եղած էր 1917-ին, եւ մանաւանդ 1945-ին` նացիականութեան դէմ տարուած Մեծ յաղթանակով: Կար նաեւ Գորբաչովի ու իր հետեւորդներուն աւելի իրապաշտօրէն գործնական մտահոգութիւնը. սահմանային փոփոխութիւններու որեւէ նախընթաց կրնար անվերահսկելի զարգացումներու առաջնորդել: Այդ մասին, ըստ երեւոյթին, այնքան ալ անտեղեակ չէին Քրեմլինի մէջ: Այսինքն խորհրդային վերնախաւին մօտ, թէկուզ եւ թաքուն, միշտ ալ կար այն գիտակցութիւնը, որ ստալինեան սահմանագծումները ոչ միայն չէին համապատասխաներ պատմական իրականութիւններուն, ժողովուրդներու բնական ձգտումներուն, եւ ազգամիջեան խնդիրներու լուծումը օրին արտացոլած էր միակուսակցական կառավարակարգի հաստատման հրամայականներուն եւ 1917-ի յեղափոխութեան հոկտեմբերեան տարբերակի ռազմավարական հաշիւներուն, այլ նաեւ ժառանգ ձգած` անլոյծ մնացած ազգութիւններու խնդիրը: Այդուհանդերձ, այդ խնդրի լուծումը չկար եւ իրերայաջորդ բոլոր ղեկավարութիւնները հաւատացած էին, որ ժամանակի ընթացքին այն բնականաբար պիտի լուծուէր` հիմնականին մէջ իր իմաստը կորսնցնելով եւ մոռացութեան տրուելով: Այսպէս, փետրուար 1988-ի աւարտին Մոսկուայի առաջին «ոչ»-ը գորբաչովեան բարեկարգումներուն հասողութիւնը չափող արցախեան դիմումին` հիմնուած էր ե՛ւ գաղափարախօսական համոզումներու, ե՛ւ գործնական նկատառումներու վրայ: Այլապէս, Գորբաչով կը հաւատար, որ բանական քաղաքացին, այն, որ անցնող եօթը տասնամեակներուն որպէս թէ հաւատացած ու վստահած էր Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան առաջնորդութեան ու լենինեան ուղիին, յանձնառու պիտի ըլլար նաեւ ու մանաւանդ կլասնոսթին ու փերեսթրոյքային, որոնք կու գային իրեն լաւագոյն ապագայ մը խոստանալու:

Բայց, պատմութիւնը վկայ, այդպէս չեղաւ:

Արցախեան գործընթացը շարունակուեցաւ, նոյն տրամաբանութեամբ, բայց արդէն աւելի արմատական ու անկախութեան հետամուտ Պալթեան երեք երկիրներու հասարակութիւնը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ ժողովրդային ճակատներու կազմութեամբ, վրացի ազգայնականները հրապարակ ելան, անոնց հակազդեցին օսերն ու աբխազները… Ազգութիւններու անլոյծ խնդիրը, ի վերջոյ, արտայայտուեցաւ ազատութեան առաջին լուրջ ազդանշանին, եւ իր մասնակի լուծումը գտաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով:

Պատմութեան այս արդէն փակուած էջին վերադարձը այսօր հրամայական մըն է, որովհետեւ իրողութիւն է, որ մինչ անցեալ տասնամեակին հայկական դիւանագիտութիւնը որդեգրեց 1994-ի զինադադարին յաջորդած կացութեան սթաթիւս քոն պահպանելու անցողակի դիրքորոշում, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը, ընդհակառակը, աշխուժացաւ, համաշխարհային մակարդակով ծրագրուած արտաքին քաղաքականութեան ամբողջ ծրագիր մը մշակեց, տրամադրեց անհրաժեշտ դրամագլուխը, պատրաստեց մասնագէտներ եւ անցաւ համատարած յարձակողականի` քաղաքական դաշտի վրայ հայ ժողովուրդէն խլելու համար իր արեամբ ձեռք բերած արդար յաղթանակը: Բնականաբար, կասպեան փեթրոտոլարները իրենց որոշիչ դերը ունեցան: Բայց իրողութիւնը այն է, որ մինչ հայկական դիւանագիտութիւնը կրամշեան իմաստով «դիրքային» դիմադրութեան անցած էր, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը անցաւ «շարժուն պատերազմ»-ի, թրքական անմիջական աջակցութեամբ նոր բանաձեւումներով ներկայացաւ աշխարհին եւ բազմացուց ճակատները, որոնց կարգին ի մասնաւորի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն ու Լատինական Ամերիկան, ուր հայկական դիւանագիտութիւնը կորսնցուց անկախութեան առաջին տասնամեակին եւ թերեւս մինչեւ քսանմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակի կէսերուն իր վայելած առաւելութիւնը:

Խորհրդային օրերուն թէ Խորհրդային Միութեան փլուզման գործընթացին մէջ Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերումը տեղադրեց ժողովրդավարութեան ուղիին վրայ: Պատերազմը իրեն պարտադրուեցաւ եւ հակառակ պատերազմական իրավիճակին` անկախ Արցախը կառչած մնաց ժողովրդավարութեան, միջազգային դէտերու վկայութեամբ իրերայաջորդ ընտրութիւններու կազմակերպմամբ: Պատմական հանգրուանի մը, երբ ժողովրդավարութիւնը ընդհանրապէս կը դիտուի որպէս կառավարական որեւէ համակարգի օրինականութեան ապահովում, Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան գործընթացի ամրապնդումը պէտք է առաջնորդէր անոր ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային օրինականութեան ապահովման եւ, հետեւաբար, Արցախի որպէս անկախ պետութիւն ճանաչման:

Պարզ է, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ սկզբունքները ենթակայ են ռէալփոլիթիքի պարտադրած տրամաբանութեան, եւ Արցախի ժողովրդավարութեան փաստը առանձին ոչ մէկ երաշխիք է թէկուզ եւ վերապրումի, մանաւանդ երբ ազրպէյճանական ռազմական սպառնալիքը աւելի քան բացայայտ է: Սակայն սկզբունքներու պարգեւած օրինականութեան ենթադրեալը պէտք չէ ընկալել շնականօրէն: Առնուազն այնքան որքան այն դիւանագիտական ստեղծագործ աշխուժացման պատեհութիւն կը ստեղծէ: Այս իմաստով է, ահա, որ պէտք է հարց տալ թէ հայկական կողմը կրցած է Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան ամրագրումը վերածել ստեղծագործ դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ Ստեփանակերտին ապահովել այն տեղը, որ թերեւս շատ սահմանափակ է Մինսքի այլապէս անշրջանցելի գործընթացին մէջ:

Ամէն պարագայի, քաղաքականութեան մէջ թերեւս բնաւ ուշ չէ, այնքան ատեն որ իրողութեան գիտակցում կայ: Այս իմաստով, արցախեան նախագահական ընտրութիւններն ու ժողովրդավարութեան ամրագրման այս նորագոյն փաստը կրնան նաեւ առիթ ըլլալ, որ հայկական դիւանագիտութիւնը ստեղծագործ կերպով վերաշխուժանայ եւ նոր բանաձեւումներով ուղի հարթէ նախ բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի մասնակցութեան յաւելեալ տեղ ապահովելու, ապա եւ` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ձգտելու: Հայկական դիւանագիտութեան նման թեքումի պարագային դրական արդիւնքներու կամ նոր ու հայանպաստ կացութիւններու ստեղծման ազդանշանները թէկուզ հեռաւոր եւ ցարդ սաղմնային, այնուամենայնիւ, արդէն գոյութիւն ունին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )