Քաղաքի Հայ Աւետարանական Քոլեճի Յաջողութիւնները Պետական Քննութիւններուն
Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ պետական պրէօվէի եւ պաքալորէայի քննութիւններուն իր աշակերտներուն յաջողութիւնները:
Պետական պրէօվէի քննութեան 9-րդ դասարանի ամբողջութիւնը ներկայացնող 9 աշակերտներէն 9-ն ալ յաջողած են 100 առ հարիւր յաջողութիւն արձանագրելով: Անոնք են` Շուշան Քէշիշեան (շատ լաւ յիշատակութեամբ), Սառա Չիլինկիրեան (լաւ յիշատակութեամբ), Յովիկ Արթինեան, Գարէն Քիրեճեան, Արման Խըտրեան, Մ. Խաթիպ, Մարինա Պայրաքտարեան, Րէա Էքմեքճի եւ Ճորճ Էքմեքճի:
Պետական պաքալորէայի կենսաբանական գիտութիւններու (լայֆ սայընս) քննութեան 12-րդ աւարտական դասարանի ամբողջութիւնը ներկայացնող 8 աշակերտներէն 6-ը յաջողած են 75 առ հարիւր յաջողութիւն արձանագրելով: Անոնք են` Րաֆֆի Քեստենեան (լաւ յիշատակութեամբ), Նայիրի Գրիգորեան, Կարին Հայտոսթեան, Վիգէն Իգնատոսեան, Կարին Ադամեան եւ Գրիգոր Եմենիճեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ