Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն` 25 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ 25 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութիւնը` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. պզտիկներ, փոքրեր, կրտսերներ եւ երիտասարդներ (տղաք եւ աղջիկներ):

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, պէտք է այդ մէկը կատարեն իրենց անունները ուղարկելով [email protected] ե-նամակի հասցէին:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 24 օգոստոսի կէսօրուան ժամը 12:00-ը:

Մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Մոն Լա Սալի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES