Հայաստան Կը Պատրաստուի Պիելոռուսիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումին
Ինչպէս ծանօթ է, չորեքշաբթի, 15 օգոստոսը ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճշդուած է իբրեւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներ կատարելու օր:
Բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը եւս այդ օրը (վաղը) իր կարգին մրցում պիտի կատարէ` իրենց մրցակից ունենալով Պիելոռուսիան: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կազմը երէկ բաց փորձեր կատարեց` ներկայութեամբ հայ համակիրներուն, որոնք ջերմօրէն կ՛աջակցին հաւաքականի ֆութպոլիստներուն:
Ուքրանիոյ մէջ ելոյթ ունենալիք բոլոր հայ ֆութպոլիստները երէկ ժամանելով օդակայան մեկնեցան ֆութպոլի ակադեմիա` միանալով իրենց խմբակիցներուն:
Հաւաքականը այսօր եւս փորձեր պիտի կատարէ, սակայն փակ` առանց համակիրներու ներկայութեան:
Պիելոռուսիոյ մարզիչ Կիորկի Քոնթրաթեւ իր տուած մամլոյ ասուլիսին յայտնեց, որ իր կարծիքով, ինք ընտրած է իր ուժեղագոյն մարզիկները, որոնք ունին մեծ փորձառութիւն:
Ան աւելցուց ըսելով, որ իր մարզիկները մի՛շտ դաշտ կը ներկայանան յաղթելու վճռակամութեամբ:
Անոր համաձայն, Հայաստան այս մրցումին լաւապէս պատրաստուած է թեքթիքով, մինչ իր կազմը` ֆիզիքապէս:
Ան այս մրցումին համար վիրաւոր մարզիկ Տենիս Փոլիաքովի փոխարէն նկատի առաւ Շախտիոր Սոլիկորսքի (Պիելոռուսիա) մաս կազմող հայազգի ֆութպոլիստ Անտրէյ Խաչատրեանը:



