Եւրոպական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Եւ Մովսիսեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երկու վտանգաւոր յառաջապահներ Հենրիխ Մխիթարեան եւ Եուրա Մովսիսեան իրենց ակումբներուն համար կոլ նշանակեցին:
Մխիթարեան, որ մաս կը կազմէ Շախտիոր Տոնեցքի, Վորսքլա Փոլթավայի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին մէջ (4-1) ունեցաւ իր կարեւոր դերը, երբ նշանակեց երկու կոլ, առաջինը` 8-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը` 58-րդ վայրկեանին:
Ան այժմ, իր նշանակած հինգ կոլերուն շնորհիւ կը գրաւէ կոլսքորըրներուն պարագլուխի դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Մովսիսեանի, որ մաս կը կազմէ ռուսական Քրասնոտար խումբին, որ Քուպանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին թէեւ նշանակեց կոլ մը (86-րդ), սակայն անոր կազմը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քուպանէն:
Բայց եւ այնպէս, Մովսիսեան այժմ 4 կոլով կը գրաւէ կոլսքորըրներուն պարագլուխի դիրքը:

