Բերդապահներու Մարզիչներու Դասընթացքներ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կազմակերպած է բերդապահներու մարզիչներու յատուկ դասընթացքներ, որոնք տեղի պիտի ունենան 22-24 օգոստոսին, Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Այս դասընթացքներուն պիտի հսկէ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահներուն մարզիչը` Քրիսթիան Շուիսլըր:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կու գայ տեղեկացնելու, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 17 օգոստոս 2012-ը:
CATEGORIES Մարզական

