«Եթէ Սուրիա Եւ Հըզպալլա Իրանի Դէմ Յարձակումին Հակադարձեն, Անոնց Ենթակառոյցները Պիտի Քանդենք» Կ՛ըսէ Շալոմ
Իսրայէլի առաջին փոխվարչապետ Սիլվան Շալոմ յայտնեց, որ հաստատ չէ, որ Իրան պիտի հակադարձէ իր հիւլէական կառոյցներուն դէմ իսրայէլեան հաւանական յարձակումին, իսկ նոյնիսկ եթէ հակադարձէ, ապա անոր մօտ գտնուող հրթիռներուն թիւը «անհամար» չէ:
Շալոմ զգուշացուց, որ եթէ Սուրիա եւ «Լիբանանի ու Կազայի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները» Իրանի դէմ իսրայէլեան յարձակումէն ետք Իսրայէլի դէմ յարձակում գործեն, Իսրայէլ կրնայ այդ երկիրներուն եւ շրջաններուն մէջ բնական կեանքի ընթացքը կասեցնել` հարուածելով անոնց ենթակառոյցները, ինչպէս` ելեկտրականութեան կայանները եւ քարիւղի զտարանները:
Ան յոյս յայտնեց, որ իր երկիրը չստիպուի այդպիսի քայլի մը դիմելու` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով Իրանի դէմ հաստատելու իսկական պատժամիջոցներ, որոնք Թեհրանը պիտի մղեն իր հիւլէական ծրագիրէն հրաժարելու: