Պուսայնա Շաապան Այսօր Փեքին Կ՛այցելէ
Չինաստան երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակը վաղը (այսօր) Փեքին պիտի այցելէ»: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Պուսայնա Շաապան հանդիպում պիտի ունենայ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժի Չիի հետ»` աւելցնելով, որ «Չինաստան նաեւ կը մտածէ սուրիական ընդդիմութենէն անդամներ Չինաստան հրաւիրել»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չին Կանկ յայտնեց, որ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումը ամրապնդելու համար Չինաստան միշտ նախանձախնդիր է իր գործունէութեան մէջ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն յառաջացնելու»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Թեհրանի խորհրդակցական ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը եւ մասնաւորաբար իրաւունքի պաշտպանութեան սկզբունքի, ինչպէս նաեւ ազգային խաղաղ երկխօսութեան, հանդարտ մթնոլորտի եւ սուրիական հարցերուն մէջ արտաքին որեւէ միջամտութենէ հեռու սուրիացի ժողովուրդի արդար պահանջներուն զօրակցութեան հիմամբ իր տագնապը յաղթահարելու համար թափուած ջանքերը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ հետաքրքրութեամբ հետեւած է Թեհրանի ժողովին, որուն նպատակը Անանի ծրագիրի գործադրութեան հիմամբ, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ ազգային երկխօսութեան ենթահող պատրաստելու իր տագնապէն դուրս գալու Սուրիոյ օժանդակելն է:
Նախարարութիւնը նշեց, որ պիտի շարունակէ այդ դրական նախաձեռնութեանց հիմամբ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առնչակից երկիրներուն հետ կապ հաստատել` նպաստելու համար Սուրիոյ օժանդակելու ձգտող շինիչ նախաձեռնութիւններուն:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը, որ կը փորձէ Սուրիոյ կարգ մը շրջանները «Թուրքիոյ մէջ արգիլեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկիչներուն յանձնել, վերջաւորութեան ահաբեկչութեան կրակով պիտի այրի»` վստահեցնելով, որ այն, ինչ որ այդ վարչակարգը կ՛ընէ, առանց հաշուետուութեան պիտի չմնայ: Ան կրկնեց սուրիական հողամասերուն վրայ ՔԱԿ-ի զինեալները հալածելու թրքական սպառնալիքները:
Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները սուրիական յեղափոխութեան համակարգումի յանձնախումբերէն քաղելով, հաղորդեց, որ Տէր Զօրի մէջ սուրիական պատերազմական օդանաւ մը վար առնուած է եւ անոր օդաչուն` ձերբակալուած: Իսկ զինուորական աղբիւր մը սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական կործանիչ մը մարզումի սովորական թռիչքի մը ընթացքին թեքնիք խանգարումի պատճառով Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ ջախջախուած է, իսկ օդաչուն յաջողած է անկարգելով էջք կատարել, սակայն տակաւին չէ գտնուած:
Սուրիական բանակը Հալէպի Մաշատ թաղամասը իր վերահսկողութեան տակ առնելէ քանի մը ժամ ետք ընդդիմադիր զինեալները Ազամիէ թաղամասէն ալ վտարեց:
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը յայտնեց, որ վերջին դէպքերը ցոյց կու տան այն հաւանականութիւնը, թէ Յորդանան կրնայ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշուիլ` նշելով, որ սուրիացի կարգ մը գաղթականներու Յորդանան մուտք գործել արգիլելը սուրիական վարչակարգին դէմ աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրել պահանջողներուն յաւելեալ պատրուակներ կու տայ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Յորդանան տակաւին չէզոք կեցուածք որդեգրած է, որովհետեւ Ապտալլա Բ. թագաւորը կը փորձէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան հաւանականութենէն հեռու մնալ` նշելով, որ ան արաբ միակ ղեկավարն է, որ սուրիական վարչակարգի տապալումէն ետք ալեւի համայնքի ճակատագիրին վերաբերեալ մտահոգութիւն յայտնած է:
«Յորդանանի թագաւորին կացութիւնը որոշ չափով կը նմանի Սուրիոյ նախագահի կացութեան, որովհետեւ իր թիկունքը տուած է իր երկրին մէջ փոքրամասնութեան, Յորդանանի բնակչութեան 60 առ հարիւրը պաղեստինցի են», կը գրէ «Քոմերսանթ»:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա կոչ ուղղած է Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու:
Ան նաեւ նշած է, որ այդ քայլը նախագահ Պաշշար Ասատին ցոյց պիտի տայ միջազգային հանրութեան մտադրութիւններուն լրջութիւնը:
Թէեւ սուրիական ընդդիմութիւնը քանի մը ամիսէ ի վեր այսպիսի կոչ կ՛ուղղէ, սակայն այս անգամ անիկա կատարուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հանդիպումէն ընդամէնը մէկ օր ետք:
Նշենք, որ Քլինթընի վկայութեամբ, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Դամասկոսի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը, որուն ծիրին մէջ քննարկուած է նաեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու հարցը: