ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, 16 ապրիլին, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը` Անդրանիկ Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ:
Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները, որոնք նախքան իրենց երրորդ մրցումը կատարելը 2-0 արդիւնքով կը յառաջանային իրենց մրցակիցին վրայ, 56-44 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք հանդիսացան Լիբանանի ախոյեան` յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով (վերջին 13 տարիներուն 12-րդ անգամ ըլլալով):
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
CATEGORIES Մարզական