ԳԵՐԽՃՈՂՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՍՊԱՆԻԱ ՄԵՐԺԵՑ «ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ»ԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ԻՐԵՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀՐԱՒԷՐԸ
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ գերխճողուած ժամանակացոյց մը ունենալուն պատճառով պիտի չկարենայ ընդառաջել իրեն ուղղուած հրաւէրին, որպէսզի երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը բերէ յառաջիկայ 1-24 յուլիսին Արժանթինի մէջ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Ճափոն քաշուեցաւ մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երկիրը մեծ վնասներ կրեց վերջին երկրաշարժին եւ ցունամիին պատճառով:
Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նիքոլա Լէոզ, Ճափոնի փոխարէն ուզեց նկատի ունենալ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիան:
Սպանիոյ ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ առաջին անգամ չէ, որ Սպանիա հրաւէր կը ստանայ, ո՛չ ալ անիկա պիտի ըլլայ վերջինը, որովհետեւ յառաջիկային ուղղուելիք հրաւէր մը կրնայ ստանալ դրական պատասխան: