ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՂՈՑ ԿԱԶՄԸ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 15-26 յուլիս 2011-ին, Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին մաս կազմող վարպետները պիտի ըլլան հետեւեալները. Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգիսեան: Հաւաքականին մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան:

Հայաստանի կողքին այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ զօրաւոր հաւաքակաAdd Newնները. Չինաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Իսրայէլ, Հունգարիա, Ազրպէյճան, Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Եգիպտոս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES