ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԶԵՆԻԹ Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ 3-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԱԾ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ` ախոյեանութեան օրէնքները խախտած ըլլալուն համար:
Նախորդ շաբաթավերջին Մոսկուայի Բանակայիններուն դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1) անոր բոլոր մարզիկներն ալ 21 տարեկանէն վեր էին: Օրէնքին համաձայն, նուազագոյնը մարզիկ մը պէտք է 21 տարեկանէն վար ըլլայ:
Ատկէ բացի, անիկա 200 հազար ռուբլի (7100 ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Ռուսիոյ ֆետերասիոնին տուած այս որոշումը պատճառ դարձաւ, որ անիկա 2-րդ դիրքէն նահանջէ 5-րդ դիրք` երկու կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Վոլկա Նիժնի Նովկորոտէն:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած են չորս մրցումներ:
CATEGORIES Մարզական