Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ աշխարհին վերջը չէ, եթէ լիբանանեան խորհրդարանը չվաւերացնէ կառավարութեան որդեգրած ընտրական նոր օրէնքը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գրաւեցին անուշեղէնի 6 տուփեր, որոնք աւստրալիական քաղաքացիութիւն ունեցող երկու կիներու մօտ կը գտնուէին: Անուշեղէններուն մէջ զետեղուած էր քանի մը քիլոկրամ քոքային:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց սուրիական վարչակարգին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցնելու:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի օր պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումին թղթածրարը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարին քննարկումը հիմնական պիտի ըլլայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ նախքան Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի տուն երթալը, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի պիտի գլխատուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած վերջին յայտարարութիւնները կառավարութիւնը չեն տապալած, այլ` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան մը «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ միջազգային յեղաշրջումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վերստանձնեն Լիբանանի իշխանութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ղեկավար մը յայտնեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը Պէյթէտտինի մէջ մահացած ծնած է, իսկ անոր յուղարկաւորութիւնը պիտի ըլլայ Նըժմէ հրապարակին վրայ` խորհրդարանին մէջ:

ԸՍՏ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, Հըզպալլա շատ տկար վիճակի մէջ պիտի յայտնուի, երբ քանի մը ամիսէն Սուրիոյ վարչակարգը փուլ գայ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ղեկավար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական կողմերուն միակ հարցը իշխանութիւններուն վերադառնալն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը ամօթալի երեւոյթ մըն է եւ անհրաժեշտ է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները իսկոյն խզել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութենէն պահանջուածը սուրիական վարչակարգին հետ յարաբերութիւններու լրիւ խզումն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանը տուն կանչելու եւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարելու:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի ըսաւ. «Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը պէտք է վտարուի, եւ այդ պարագային է, որ պիտի բացայայտուին Լիբանանի մէջ գործող այլ Միշել Սըմահաներ»:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի զօրակցութիւնը` նախկին նախարար Միշել Սըմահան ձերբակալելու գործողութեան, զինք Սուրիոյ դէմ պատերազմի կացութեան մէջ զետեղած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը ներքին լիբանանեան սադրանքներուն մէջ պիտի չներքաշուի` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան հրթիռները կրնան հասնիլ մինչեւ իսրայէլեան բոլոր քաղաքները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը կը մտածեն մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )