Ժեմայէլ. «Լիբանան Կը Գտնուի Զգայուն Եւ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ հրաւիրած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ իրենց մօտ կան տուեալներ, որոնց համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ահաբեկչական բջիջը միակը չէ, այլեւ կան քաղաքական այլ ուժեր, որոնք բջիջներու նման ցանց մը ունին:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի զգայուն եւ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ` աւելցնելով, որ շարք մը ղեկավարութիւններու դէմ սպառնալիքներ ուղղուած են:
Ան նշեց, որ Սըմահայի ձերբակալման հարցին մէջ հիմնական ներդրում ունին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց կառավարութեան գումարելու նիստ մը` հիմնական օրակարգ ունենալով Լիբանանի դէմ գործուելիք յարձակումները, որովհետեւ այդ իմաստով Լիբանան չէզոք կեցուածք չի կրնար որդեգրել:
Այս շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս վերջ տալ Սուրիոյ հետ եղբայրական եւ ապահովական իմաստով աշխատանքի համադրումի համաձայնութեան:
Ժեմայէլ առաջարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին եւ Արաբական լիկային բողոքի նամակ յղել Լիբանանի դէմ Սուրիոյ գործած յարձակումներուն մանրամասնութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայել Լիբանանի բոլոր սահմաններուն վրայ:
Միւս կողմէ, «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը դաւադրութիւններ կը նիւթէ Լիբանանի դէմ եւ յարձակումներ կը գործէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան դէմ: