Ժոմպլաթ. «Եթէ Հըզպալլա Լիբանանին Տիրէ, Ապա Միջին Ուղղութեան Տեղ Պիտի Չմնայ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակից ուժերը տիրեն Լիբանանին, ապա միջին ուղղութեան տեղ պիտի չմնայ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ չէ եղած «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին համազօր կարգախօս մը` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պատրաստուած է որոշ պայմաններու ներքեւ եւ կարելի չէ լիբանանեան պետութիւնը ցրուած վիճակի մէջ պահել:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի զէնքի ուժը ըլլայ պետութեան հակակշիռին տակ` շեշտելով, որ իրենք պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի կառավարութեան կազմին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

