Բերդապահ Նէօյըր Բացակայ` Արժանթինի Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումէն

Մանուէլ Նէօյըր

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ազգային  խումբի հիմնական բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը` չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին Արժանթինի դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումին:

Պահեստի բերդապահ Ռոն-Ռապըրթ Զիելըր պիտի ըլլայ Նէօյըրը փոխարինողը, մինչ 20 տարեկան Մարք-Անտրէ Թեր Սթեկըն նկատի առնուած է իբրեւ պահեստի բերդապահ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )