Արազ Օզպիլիս Պիտի Կրէ Թիւ 24 Շապիկը
Քուպան Քրասնոտարի նորեկ մարզիկ Արազ Օզպիլիս Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 24 շապիկով:
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին հաղորդած լուրը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Օզպիլիս Այաքս Ամսթերտամի հետ կը կրէր թիւ 33 շապիկը, իսկ Հայաստանի կազմին հետ` թիւ 23 շապիկը:
Սակայն անոր նոր ակումբին հետ այդ երկու թիւերն ալ զբաղած են: Անոնք յաջորդաբար կը պատկանին բերդապահ Պոկտան Քարիուքինի եւ Ալեքսանտր Փելենովի:
CATEGORIES Մարզական


