Սեւատա Արզումանեան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը
Ուլիս Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Սեւատա Արզումանեան, երէկ Ոսկեհատի մէջ տեղի ունեցած փորձերէն ետք ներկայացուց իր հրաժարականը:
Ուլիսի գործադիր տնօրէն Գագիկ Գալստեան, Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին յայտնած է, որ ակումբի պատասխանատուները անոր տուած հրաժարականը թէեւ ընդունած են, սակայն յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ Արզումանեանի հետ Ուլիս նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան, իսկ անկէ առաջ` երկու անգամ պրոնզէ մետալակիր:
Սակայն այս տարեշրջանին անոր կազմը բաւական ձախող արդիւնք կ՛արձանագրէ եւ այժմ, 18-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, կը գրաւէ 6-րդ դիրքը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Արզումանեան ներկայացնէ իր հրաժարականը:
CATEGORIES Մարզական


