Շիրակ Երկարաձգեց Յարութիւնեանի Պայմանագիրը
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ որ երէկ, Շիրակ Գիւմրի երկու տարիով երկարաձգեց բերդապահ Արթուր Յարութիւնեանի պայմանագրութիւնը:
Սկզբունքով անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր մայիս 2013-ին: Այժմ ան մինչեւ 1 յունիս 2015 պիտի մնայ իր կազմին հետ, կը յայտնէ ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Յարութիւնեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, որ վաղը` չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Պիելոռուսիոյ դէմ:
CATEGORIES Մարզական