ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ` 1-1
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց երկրին երկու զօրաւոր խումբերը` Ռէալ Մատրիտն ու Պարսելոնան, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Մրցումին երկու կոլերն ալ նշանակուեցան փենալթիով: Պարսայի կոլը նշանակեց Լիոնել Մեսսի (53-րդ), իսկ Ռէալի կոլը` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (82-րդ):
Նշենք, որ Ռէալ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 52-րդ վայրկեանին Ռաուլ Ալպիոլ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Պարսելոնա, որ այժմ ունի 85 կէտ, ութ կէտի իր առաւելութիւնը կը շարունակէ պահել Ռէալ Մատրիտի վրայ:
CATEGORIES Մարզական