ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻ ԴՈՒՐՍ ՁԳԵՑ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Մանչեսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Աւելի քան 86 հազար համակիրներու ներկայութեան, Եայա Թուրէի նշանակած կոլին շնորհիւ (52-րդ) Սիթի ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 1981-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Եունայթըտ, որ կը փորձէր 1999-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով հեթրիք մը իրագործել, մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Փոլ Սքոլզ 72-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 մայիսին, «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ Սիթի իր դէմ պիտի ունենայ Սթոքը, որ երէկ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Պոլթընի:
CATEGORIES Մարզական