ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԽՈՒՐՇՈՒՏԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ունեցաւ Եւրոպայի փոխախոյեան մը` 75 քկ եւ վեր դասակարգի մէջ, յանձինս Հռիփսիմէ Խուրշուտեանի, որ յաջողեցաւ բարձրացնել 254 քկ:
Տղոց 94 քկ դասակարգին մէջ, Գեւորիկ Պօղոսեան Հայաստանին ապահովեց պրոնզ մետալ մը, երբ բարձրացուց 389 քկ (173 եւ 216):
Նշենք, որ նախորդ ախոյեանութեան ան 84 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան:
105 քկ դասակարգին մէջ փորձառու Արթուր Պապայեան, ընդամէնը բարձրացնելով 380 քկ գրաւեց 8-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ ռուս Հաճիմուրատ Ակայեւ (425 քկ):
CATEGORIES Մարզական