Նիւ Եորքի Մէջ Թատերախաղ Մը, Որ Պիտի Զայրացնէ Թուրքերը. «Կարմիր Շունը Կը Հաջէ» Դարձեալ Օրակարգի Կը Բերէ 1915-ի Դէպքերը
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Նիւ Եորքի «Օֆ Պրոտուէյ» կոչուած թատերասրահի մը մէջ 5 սեպտեմբերէն մինչեւ 14 հոկտեմբեր պիտի բեմադրուի թատերախաղ մը, որուն համար կ՛ըսուի, որ զայրոյթ պիտի պատճառէ թուրքերուն:
Ներկայացման տոմսերը արդէն վաճառքի հանուած են: Ալեքսանտր Տինելարիսի կողմէ գրի առնուած, Քեն Ռուս Շմոլի կողմէ բեմադրուած այս թատերախաղը, որուն խորագիրն է «Կարմիր շունը կը հաջէ», կը պատմէ Մայքըլ Քիրիաքոս անուն երիտասարդի մը ոդիսականը: Այս երիտասարդը օր մը յանկարծ դէմ յանդիման կու գայ կարգ մը ճշմարտութիւններու հետ, որոնք անծանօթ էին իրեն:
Ան իր հօրը մահէն ետք երեւան հանուած կարգ մը նամակներէ ճամբայ ելլելով` կը սկսի պրպտել իր ընտանիքին անցեալը եւ ի վերջոյ կ՛իմանայ, որ իր ընտանիքը յոյն չէ, այլ օսմանեան շրջանի հայերէ կու գայ եւ իր ընտանիքին անդամներն ալ, անհամար ուրիշ հայերու նման, դարասկիզբը թուրքերու բրտութեան ու տեղահանութեան ենթարկուած էին: Մայքըլ Քիրիաքոս, այս նոր յայտնութեան դիմաց կը հասկնայ որ այսուհետեւ աւելի ուժեղ պէտք է ըլլայ կեանքի մէջ:
Ամերիկայի Թուրքերուն
Հակազդեցութիւնը
Թուրք-ամերիկեան միութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Ալի Չընար անմիջապէս հակազդեց, ան բողոքեց յիշեալ խաղին մէջ թուրքերու նկատմամբ կատարուած ակնարկութիւններուն դէմ: Չընար ըսաւ. «Այս թատերախաղին նպատակը արուեստ չէ, այլ 1915-ի պնդումները դարձեալ օրակարգի բերել է: Այս խաղը իբր թէ յուշատետրերէ կամ նամակներէ ճամբայ ելլելով` կը պատմէ կարգ մը երեւակայական դէպքեր, որոնք իրականութեան մէջ չեն պատահած»: Չընար աւելցուց, որ այս նիւթին կապակցութեամբ բողոքի դիմում պիտի կատարեն յիշեալ թատերասրահին: