Հայկական Լոպիինկը 3-րդ Ամենաազդեցիկն Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ. Կը Հաստատէ «Եուրէժիա Ռիվիու»
ԹԵՐԹ
«Լոպիինկը գլխաւորապէս կը բնորոշուի իբրեւ կառավարութեան եւ անոր կառոյցներու վրայ ազդեցութեան նպատակով իրականացուող գործընթաց` իրականացնելու այնպիսի քաղաքականութիւն, որ կը ծառայէ որեւէ խումբի շահերուն» բնորոշումով «Եուրէժիա Ռիվիու»-ն հրապարակած է անդրադարձ` Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ազգային լոպիինկի ամենահզօր խումբերու վերաբերեալ` «Ազգային լոպիինկը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ» խորագիրով (յօդուածագիր` Ռոաֆիքա Ղուրպանզատէ):
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգային հիմքով քաղաքական ազդեցութեան համար մղուող մրցակցութեան արմատները կը հասնին 20-րդ դարասկիզբին:
«Ներկայիս ազգային խումբերը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն մրցակից լոպիիստներու ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար», կը գրէ Ղուրպանզատէ:
2010-ի տուեալներով, Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգային շահեր պաշտպանող 24 հազար արձանագրուած կազմակերպութիւն կայ: 1980-ականներու համեմատ այդ կազմակերպութիւններուն թիւը աճած է 64 առ հարիւրով: Ըստ «Ֆորէյն Ըֆէրզ» ամսագրին, Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպիինկային ամենահզօր խումբերը կը պաշտպանեն Հայաստանի, Չինաստանի, Յունաստանի, Հնդկաստանի, Իրլանտայի, Իսրայէլի, Թայուանի եւ Ուքրանիոյ շահերը:
Յօդուածագիրը ամէնէն ազդեցիկ լոպիիստական խումբ կը համարէ հրէականը` նշելով, որ հրէական կազմակերպութիւններու շնորհիւ Միացեալ Նահանգները մեծցուցած է ռազմական օգնութիւնը Իսրայէլին` 2007-էն տարեկան 150 միլիոն ամերիկեան տոլար:
«Միացեալ Նահանգներու միւս 2 ազդեցիկ լոպիիստները յոյներն են եւ ամերիկահայերը: Երկու խումբերն ալ կը միաւորէ թշնամական Թուրքիոյ դէմ ունեցած օրակարգը», ըսուած է անդրադարձին մէջ:
Յոյները իրենց առաջին լոպիիստական խումբը` Ամերիկայի հելենական հիմնարկը հիմնած են 1974-ին:
«Ամերիկայի հայկական լոպին հիմնուած է զգալի չափերու հասնող համայնքի վրայ, որ կէս միլիոն կը հաշուէ միայն Քալիֆորնիոյ մէջ: Ամէնէն մեծ ընդգրկումը ունեցողը Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակն (ԱՀԴԳ) է: Միւս ազդեցիկ ամերիկահայկական լոպիիստական խումբը Ամերիկայի հայկական ասեմպլին (ԱՀԱ) է: Ամերիկա-հրէական յատուկ շահերու նման, ԱՀԴԳ-ն ու ԱՀԱ-ն ալ ապահոված են Միացեալ Նահանգներու տնտեսական աջակցութիւնը Հայաստանին` դառնալով Իսրայէլէն ետք 2-րդ ամէնէն մեծ օգնութիւն ստացողը` մէկ շունչի հաշուով: 1992-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Հայաստանին ցուցաբերած օգնութիւնը գերազանցած է 2 միլիառ տոլարը», կը նշէ յօդուածագիրը:
Հեղինակի կարծիքով, ամերիկահայ լոպիինկը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական շահերուն, քանի որ` «Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի անդամ է, իսկ Ազրպէյճանը աւելի գրաւիչ տնտեսական եւ ռազմավարական գործընկեր է»: Միեւնոյն ժամանակ կը նկատուի, որ` «հայկական եւ յունական խումբերու ուժը անցեալին թրքական եւ ազրպէյճանական լոպիներու թուլութեան արդիւնք է»:


