Անորոշ Աւարտով Նուրբ Եւ Վտանգաւոր Խաղ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սուրիոյ տագնապին մէջ ամէնէն հետաքրքրական ազդակը հաւանաբար քրտական ազդակն է` դիպաշարերու անորոշութեան եւ անոնցմէ բխող աշխարհաքաղաքական զարգացումներու կարեւորութեան պատճառով:

Սուրիոյ մէջ տիրող առարկայական պայմանները երկրի քիւրտ բնակչութեան առիթ ընծայեցին` Իրաքի հետ սահմանային անցքերուն ճամբով անմիջական կապ հաստատելու Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի իրենց եղբայրներուն հետ: Զարգացում մը, որ Սուրիոյ տագնապին քրտական շահերու տեսանկիւնէն դրական աւարտի մը պարագային կրնայ Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ արտադրուող քարիւղի արտածման համար դէպի Միջերկրական ծով անարգել եւ անկախ ելք մը ապահովել:

Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն միջեւ ստեղծուած «տարածքային ամբողջականութիւնը» քրտական հարցին համար այնքան կարեւոր է, որ փեշմերկաները արգելք հանդիսացան սահմանային այդ անցքերը իր վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով իրաքեան բանակի յառաջխաղացքին: Երկու կողմերուն միջեւ բախում մը կարելի եղաւ կանխարգիլել շնորհիւ ամերիկեան միջամտութեան, սակայն զինեալ երկու ուժերուն միջեւ լարուածութիւնը կը յամենայ, եւ քիւրտերը իրաքեան բանակի «առաքելութիւնը» արգելակելու վճռակամութիւն կը ցուցաբերեն:

Սուրիոյ տագնապի ներկայ կացութեան մէջ անոր առնչակից անմիջական կողմերը` սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը կը փորձեն քիւրտերը սիրաշահիլ. մէկը` Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի քիւրտ նախագահ նշանակելու ճամբով, իսկ միւսը` կարգ մը շրջաններ անոնց յանձնելով:

Քիւրտերուն նկատմամբ Սուրիոյ տագնապին անմիջական առնչակից կողմերուն եւ անոնց հովանաւորներուն ցուցաբերած «հետաքրքրութիւնը» անհամեմատ կերպով կը զօրացնէ ստեղծուած եռակողմ հաւասարակշռութեան տկար կողմը` քիւրտերը, որովհետեւ անոնց առիթ կ՛ընծայէ երկու ճամբարներու մրցակցութիւնը քաջալերելով առաւելագոյն շահեր ապահովել. լարախաղացութեան նման նուրբ խաղ մը, որ խիստ զգուշութիւն կը պահանջէ:

Եգիպտոսի նախկին նախագահ Ժամալ Ապտել Նասեր նշեալ խաղին վարպետը կը նկատուէր, ան նաեւ 20-րդ դարու ամէնէն ականաւոր քաղաքագէտներէն մէկն էր, սակայն ի վերջոյ 1956-ի պատերազմին եւ մասնաւորաբար 1967-ի վեցօրեայ պատերազմին սուղ գին վճարեց: Անոր ճակատագիրը ցոյց կու տայ, թէ այս խաղը միայն նուրբ չէ, այլ նաեւ` վտանգաւոր, իսկ քիւրտերուն համար այդ վտանգը անհամեմատ աւելի մեծ եւ լուրջ է, որովհետեւ եթէ Եգիպտոսի նման գերիշխանութեան տէր, ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութեանց անդամ մեծ պետութիւն մը այդքան սուղ գին վճարեց, որքան աւելի ողբերգական կացութեան մէջ կրնան  յայտնուիլ քիւրտերը, որոնք այդ բոլոր ապահովական ցանցերէն զուրկ են: Անոնք շատ դիւրութեամբ կրնան Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի կողմէ յօշոտուիլ: Բացառուած չէ նաեւ, որ քիւրտերը Սուրիոյ հիւսիսը քրտական անկախ մարզ մը ստեղծելով` իրողապէս ընդլայնեն Հիւսիսային Իրաքի քրտական մարզը, ինչ որ մեծ ձեռքբերում մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ քայլ մը` քրտական հարցի լուծման ուղղութեամբ: Կարելի չէ անտեսել նաեւ «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ծրագիրը, որուն գործադրութեան փորձի արդիւնքէն եւ այդ ծրագիրին մէջ քիւրտերուն վերապահուած կարկանդակի բաժինէն կախեալ կրնայ ըլլալ քիւրտերուն ճակատագիրը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES