«Ասպարէզ»-ը Դարձաւ 104

Միացեալ Նահանգներու «Ասպարէզ» օրաթերթի «Օրը Օրին» սիւնակին տակ` թերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք.

Այսօր «Ասպարէզ»-ի տարեդարձն է: Թերթը դարձաւ 104 տարեկան: Այս երկարատեւութեան գաղտնիքը` թերթին ստանձնած առաքելութեան հանդէպ անոր յաջորդական անձնակազմերու յանձնառութեան ոգիին, հայ համայնքին ցուցաբերած հոգատարութեան ու գուրգուրանքին մէջ է:

Հաւանաբար ընթերցողները արդէն իսկ կը զգան, որ խմբագրութիւնը, թերթի պատասխանատուներու եւ բարեկամներու աջակցութեամբ` ձեռնարկած է շարք մը աշխատանքներու, որոնք բոլորը ուղղուած են թերթը ծանօթացնելու բազմահազար հայորդիներու` աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ, անշուշտ` գլխաւորաբար Քալիֆորնիոյ նահանգի սահմաններուն մէջ:

Խմբագրութեանս թաքուն ցանկութիւնն է (ահա կոպիտ վրիպումով բացայայտուած) թերթը դարձնել այս շրջանի հայութեան հպարտութեան աղբիւրներէն մէկը, եւ փորձել այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ «Ասպարէզ»-ի իւրաքանչիւր բաժանորդ ի՛նք դառնայ թերթը քարոզող, անոր համար նոր բաժանորդներ ապահովող, անոր մէջ ծանուցողները քաջալերող® մէկ խօսքով` թերթը ի՛րը նկատէ:

Մեր ցանկութեան այս գաղտնազերծման հետ կ՛ուզենք իմանալ մեր ընթերցողներու ցանկութիւնները: Ներքին կազմակերպչական, վարչական նոր փուլ մը թեւակոխած ըլլալով` «Ասպարէզ» նոր ծրագիրներ մշակելու ընթացքի մէջ է, որոնց ամբողջացման համար կը դիմենք մեր բաժանորդներու, մեր աշխատակիցներու ներդրումին, առաջարկներուն, խորհուրդներուն: Կը խոստովանինք, որ առանց համայնքի բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան, առանց ընթերցող-խմբագրութիւն անմիջական հաղորդակցութեան` դժուար թէ կարենանք իրագործել մեր մշակած ծրագիրներու նոյնիսկ մէկ փոքր մասը: Յամենայն դէպս, մէկ բան յստակ է. նահանջել չկայ, չե՛նք կրնար նահանջել, եւ հետեւաբար` կը պարտինք ամէն գնով ապահովել «Ասպարէզ»-ի կենսունակութիւնը պահպանելու միջոցներ, մեր համայնքի ու ընդհանրապէս հայկական իրականութեան մէջ անոր տիրական ներկայութեան երաշխիքներ: Կը սպասենք ձեր «նուէր»-ին:

«Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր պաշտօնակիցը` մաղթելով բեղուն վերելք, նորանոր նուաճումներ եւ երկարակեցութիւն: Հայ տպագիր մամուլին երկարակեցութիւն մաղթելը այս օրերուն սոսկ մաղթանքի ըսելաձեւ չէ: Համաշխարհային մակարդակով տպագիր մամուլի ապրած աննախադէպ տագնապէն ոչ միայն զերծ չէ, այլեւ անոր վրայ բարդուած հիմնական այլ դժուարութիւններու դէմ կը պայքարի հայ տպագիր մամուլը: «Ասպարէզ»-ը այդ պայքարին յառաջատար դիրքերը գրաւած ներկայացուցիչներէն է: Վճռակամ, աննահանջ եւ յարատեւ երթ` սիրելի՛ «Ասպարէզ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )