Յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերին. 5 Քմ Վազքի Մրցում` «Սոլիտեր»-ի Շրջանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»-ի, որ «Նայքի» վաճառանիշին ներկայացուցիչն է Լիբանանի մէջ, յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ վազքի մրցում մը` «Վազէ՛ Պէյրութ» անուան տակ:
5 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Ուոթըր Ֆրոնթ»-ի շրջանին մէջ «Սոլիտեր»-ի շրջան: Տեղի պիտի ունենան բոլոր դասակարգերու երկսեռ մրցումներ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 23 սեպտեմբերը:
Մրցումին մասնակցիլ փափաքողները կա՛մ կրնան դիմել Լիբանանի մէջ գտնուող «Նայքի»-ի բոլոր վաճառատուները եւ կա՛մ իրենց անունները ուղարկել www.irunbeirut.com կայքէջի ե-նամակի հասցէին:
Նշենք, որ երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենալիք վազքի այս մրցումին տիտղոսակիրներուն տրամադրուած են նիւթական պարգեւներ:
CATEGORIES Մարզական