Պարաքեթ Իֆթարի Երեկոյով Մը Պատուեց Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ երկուշաբթի, 13 օգոստոսին, իֆթարի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Մըհաննա» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), պատուեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, անոր թեքնիք յանձնախումբը եւ պատասխանատուները:
Այս իֆթարը կը սարքուի նախքան լիբանանեան պատուիրակութեան Թայփէ (Չինաստան) մեկնիլը, ուր տղոց պասքեթպոլի խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ուիլիըմ Ճոնզի անուան պասքեթպոլի 34-րդ միջազգային մրցաշարքին, որ պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ:
Այս առիթով Պարաքեթ Լիբանանի ազգային խումբին մաղթեց յաջողութիւն:
CATEGORIES Մարզական

