Իրլանտայի Բերդապահ Կիվըն Լքեց Միջազգային Ասպարէզը

Շէյ Կիվըն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Շէյ Կիվըն յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը` Իրլանտայի շապիկը 125 անգամ կրելէ ետք (մրցանիշ մը):

36 տարեկան Կիվըն, որ մաս կը կազմէ Ասթոն Վիլայի, այսպիսով 16 տարի տեսնուեցաւ միջազգային դաշտերուն վրայ:

Իրլանտայի մարզիչ Ճիովանի Թրափաթոնի Կիվընի վերաբերող այս լուրին հրապարակումէն ետք գնահատեց երկար տարիներու անոր կատարած ազգային պարտականութիւնը` միեւնոյն ժամանակ անոր մաղթելով յաջողութիւն:

Ըստ իրլանտական մամուլին, կը կարծուի, որ Սանտըրլենտի մաս կազմող Քէյրըն Ուեսթվուտ պիտի ըլլայ Կիվընի յաջորդը:

Share this Article
CATEGORIES