Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի Անգարա Սկսած Է Գիտակցիլ, Որ Քրտական Դաշնակցային Պետութեան Ի Յայտ Գալը Կը Դառնայ Ակնյայտ

Միջազգային լրատուամիջոցներ սուրիական տագնապի զարգացումներուն ծիրին մէջ կը շարունակեն աշխուժ կերպով մեկնաբանել տագնապին մէջ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով ներգրաւուած արտաքին ուժերու գործողութիւնները:

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ սուրիական պատերազմը կրնայ Թուրքիոյ համար վատ հետեւանքներ ունենալ եւ Անգարա կը սկսի գիտակցիլ, որ իր մեծագոյն սարսափը` քիւրտերու հանրապետութեան ստեղծումը իրականանալու մօտ է:

«Սուրիոյ անկումը ի յայտ կը բերէ այն խոր ճեղքուածքները, որոնց վրայ յենած է շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը», կը գրէ օրաթերթը, ըստ որուն, քիւրտերը դանդաղ, սակայն հաստատ կերպով վերահսկողութիւն կը հաստատեն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին վրայ, եւ Անգարա սկսած է գիտակցիլ, որ իրեն համար ամէնէն վատ տարբերակը` քրտական դաշնակցային պետութեան ի յայտ գալը կը դառնայ ակնյայտ:

Անգարայի կը մտահոգէ յատկապէս  Սուրիոյ մէջ Ժողովրդավարական միասնութիւն կուսակցութեան ամրապնդումը, որ վերջին երեսուն տարիներուն Թուրքիոյ դէմ պատերազմ մղող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դաշնակիցն է:

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի, Սուրիոյ պառակտումը կ՛ուրուագծէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան անկումը, որ կրնայ կործանարար ըլլալ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ` Արեւելքի համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )