Ըստ ՔԱԿ-ի Մարտական Թեւի Հրամանատարին Սուրիոյ Մէջ Ժողովրդավարութեան Գոյութիւնը Քիւրտ Ժողովուրդի Պահանջներուն Նկատմամբ Կեցուածքը Կը Ճշդէ
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մարտական թեւի ղեկավար Պահուզ Արտալ լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ զարգացումներուն մօտէն կը հետեւինք, սակայն իբրեւ ՔԱԿ մինչեւ հիմա սուրիական հարցին չմիջամտեցինք»:
Ան նշեց, որ իրենք սուրիացի ժողովուրդի յեղափոխութեան եւ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան ձգտումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու` յանուն ազգային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պայքարին կը զօրակցին, «սակայն կը տեսնենք, որ Սուրիոյ մէջ կռիւը շրջանցած է ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ կռիւ մը ըլլալը, որովհետեւ այդտեղ մարտական գործողութիւններուն շրջանային եւ միջազգային ուժերու ուղղակի միջամտութիւն գոյութիւն ունի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը կարելի է Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիոյ տիրելու համար կռիւ կոչել, իսկ մենք իբրեւ ՔԱԿ այս տագնապին մէջ որեւէ ուժի ներկայացուցիչը պիտի չըլլանք, սակայն այս հաւասարակշռութեան մէջ երրորդ կողմին կը զօրակցինք, այսինքն` սուրիացի ժողովուրդին իր տարբեր ազգութիւններով, յարանուանութիւններով եւ հատուածներով, յանուն բարօր կեանքի եւ ազգային գոյակցութեան մղած պայքարին: Մենք արաբ եւ քիւրտ եղբայրներուն հետ ենք` փոխադարձ յարգանքի հիմամբ»: