«ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ-ԳՐԱՏԱՐԱԾ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

Մրցանակակիրները` առաջնորդ սրբազանին, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի հետ:

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին, երէկ` կիրակի, 17 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու  ցուցահանդէս վաճառքի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւն:

Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով` այս տարուան ցուցահանդէսին ներկաներուն եւ զայն քաջալերողներուն թիւը աւելի էր, ինչ որ դրական երեւոյթ է: Ան աւելցուց, որ նախանձելի մթնոլորտէն մեկնելով` ցուցահանդէսը երկարաձգուած է մինչեւ չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2011:

Հաւաթեան ըսաւ, որ միջդպրոցական մրցանքներուն բոլոր հայկական վարժարաններուն անխտիր մասնակցութիւնը գնահատելի է, իսկ մրցանքներն էին` նախակրթարանի դասարաններուն հայերէնի, անգլերէնի, արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի ընթերցանութեան մրցումները, իսկ միջնակարգի` գիրքի պատրաստութիւնը:

Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին, հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, դատական կազմի անդամներւն, «Ազդակ»ին եւ «Վանայ Ձայն»ին, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ բաժնուեցան մրցանակները: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այս աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն ունի: Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը կը միտի նոր սերունդին մէջ սերմանել արժէք, սկզբունք, կազմաւորման հիմքեր, որպէսզի հունձքի եղանակին քաղենք զանոնք: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը գնահատեց նաեւ ծնողներուն քաջալերանքը, որ կ՛իրականանայ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ ընթերցանութեան զարկ տալը այժմէական է եւ սերունդներու պատրաստութեան համար օգտակար:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գնումներու կտրօններու վիճակաձգութիւնը, որուն առաջին բախտաւորը «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»էն ստացաւ նիւթական պարգեւներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES