ԷՐՏՈՂԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵԼԻ ԵՂԱԾԻՆ ՉԱՓ ՇՈՒՏ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Լիպիոյ ակնարկելով յայտնեց, որ արտաքին զինուորական որեւէ միջամտութիւն կարելի չէ մարդասիրական ազդակով արդարացնել եւ պէտք է կացութիւնը արժեւորել «մարդկային արժէքներու տեսանկիւնէն»:

Էրտողան շեշտեց, որ Եւրոպան պէտք է ականջ տայ եւ զօրավիգ կանգնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ազատութեան պահանջներուն: «Չենք կրնար այդ շրջանները դիտել եւ անոնց մէջ միայն քարիւղի հանքերը տեսնել եւ ոչ թէ ժողովուրդներուն թշուառութիւնն ու ձգտումները»:

Ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ տագնապի լուծման իր երկրին առաջարկած ճամբու քարտէսին, Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա կրնայ բոլոր կողմերուն հետ կապ հաստատել, եւ Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան փնտռտուքի աշխատանքին մէջ կարեւոր դեր կատարել:

Share this Article
CATEGORIES