ՓՈՒԹԻՆ ԵՏԻՆԱՅԱ ՌՈՍԻԱՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ԽՆԴՐԱԾ Է ԱՌԱՅԺՄ ՉՄՏԱԾԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին իր ղեկավարած Ետինայա Ռոսիա կուսակցութեան  անդամներէն խնդրած է «չբորբոքիլ» 2012-ի մարտին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն առիթով, այլ կեդրոնանալ Տումայի մէջ ընթացիկ աշխատանքներուն եւ դեկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ:

Ռուսիոյ իշխող Ետինայա Ռոսիա կուսակցութիւնը յայտարարած էր, որ 2012-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն իր հաւանական թեկնածուն է Վլատիմիր Փութինը: Կուսակցութեան նախագահ Եուրի Շուվալով ըսած էր, որ «նախագահական ընտրութիւններուն մեր կուսակցութեան կողմէ Վլատիմիր Փութինի թեկնածութեան առաջադրումը մենք կը նկատենք առաջնահերթ»:

Նշենք, որ կուսակցութիւնը 2008-ին Փութինը յայտարարած էր կուսակցութեան ղեկավար, թէեւ Փութին այդ կուսակցութեան անդամ չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES