50 Տարի Առաջ ( 17 Օգոստոս 1962 )
Դրոշմասէրներու Սիւնակը
Ի՞նչ Գիտէք Դրոշմաթուղթի Մասին
Ինչի՞ կը ծառայեն այդ փոքրիկ թղթիկները, զորս խնամքով եւ գուրգուրանքով կը զետեղէք մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:
Այս հարցումը լսած եմ շատերէ, որոնք երբեք դրոշմասիրութեան մասին գաղափար չեն ունեցած:
Դրոշմաթուղթը, երբ գործածուած չէ, արժէք մը կը ներկայացնէ, ինչպէս` թղթադրամը: Յետոյ, տպագրական, գեղարուեստական, պատմական եւ ուրիշ շատ մը ճիւղերու կարելի է հետեւիլ, անասուններու եւ բոյսերու զանազան տեսակներով հաւաքածոյ կազմելը քանի մը տարիներէ ի վեր նորութիւն մը եղած է:
Նոր դրոշմներով հաւաքածոյ մը կազմելը նիւթական աւելի զոհողութիւն կը պահանջէ, աւելի հոգատարութիւն, զգուշանալ խոնաւ տեղեր դնելէ, որ խէժերը չփակչին: Նոր դրոշմաթուղթերով կազմուած հաւաքածոյ մը աւելի դիւրին է վաճառելը: Գործածուած դրոշմներով հաւաքածոյ մը կազմելը դժուարութիւն մը ունի, պէտք է մաքուր եւ ընթեռնելի կնիքներ փնտռել, որ հաւաքածոն արժէքաւոր ըլլայ:
Քանի մը տարի առաջ դրոշմաթուղթի գոյութեան հարիւրամեակը տօնեցին զանազան երկիրներ: Դար մը կամ քառորդ դար առաջ հաւաքածոյ կազմողներուն թիւը շատ սահմանափակ էր, թէ կառավարական եւ թէ՛ վաճառականական հաստատութիւններու, տոքիւմանները եւ պահարանները թոներով կ՛այրէին, այսպիսով, հազուագիւտ դրոշմներ կ՛անհետանային: Ֆրանսական 1 ֆրանքնոց (սերեզ) կարմրագոյն դրոշմին արժէքը կը հասնի 1,800,000 ֆրանք, իսկ գործածուածը` 4-800,000 ֆրանք, շատ մը երկիրներ շատ աւելի արժող դրոշմներ ունին, ամերիկեան, անգլիական կիւյէնի դրոշմներ կան, որոնք 6-7 միլիոնի կը հասնին:
Դրոշմի վաճառականութիւնը շատ աւելի ընդհանրացած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, վաճառականներ կան, որոնց գործառնութիւնը միլիառներու կը հասնի:
Բացառիկ պարագաներու տակ գործածուած դրոշմը աւելի արժէք կը ներկայացնէ, քան նորը, երբ երկիր մը կը կորսնցնէ իր վեհապետութիւնը` դրոշմի պահեստը անգործածելի կը դառնայ, կա՛մ կ՛այրեն եւ կա՛մ իր անուանական արժէքէն շատ աւելի պակաս գինով մը կը ծախեն, գործածուած քանի մը հազար դրոշմներէն մէկ մասը կորսուած, մաս մըն ալ անգտանելի դառնալով` կնքուածներուն արժէքը կը բարձրանայ: Հայաստանի անկախութիւն դրոշմները, որ նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեանն էր պատրաստած, եթէ կարելի ըլլայ զանոնք գտնել պահարանին վրայ, կնքուած եւ օրինաւորապէս ճամբորդած, շատ աւելի արժէքաւոր կ՛ըլլան, քան նորերը:
Կնիքներ կան, որ որեւէ առիթով մը կը գործածուին. ասոնք ալ շատ անգամ դրոշմաթուղթերէն աւելի կ՛արժեն:
ՀՐ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ
Հայկական Կեանք
Հիւսիսային Սուրիոյ Բանակի Հրամանատարը
Ճեզիրէի Առաջնորդարանին Մէջ
Գամիշլիէն կը գրեն.-
Ճեզիրէի բանակին հրամանատարը, ընկերակցութեամբ իր օգնականներուն եւ Գամիշլիի կառավարիչին, երկուշաբթի, 7 օգոստոսին, այցելեց առաջնորդարան, ուր ընդունուեցաւ Տաճատ սրբազանին կողմէ:
Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Գամիշլիի հայ ազգայինները:
Աւելի քան կէս ժամ սրբազան հայրը սիրալիր տեսակցութիւն ունեցաւ յարգելի զօրավարին հետ, որ դրուատեց հայ համայնքին հաւատարմութիւնը` հանդէպ սուրիական արաբական հայրենիքին, արաբական դատին, գնահատեց նաեւ հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը եւ արհեստներու մէջ ունեցած ձեռներէցութիւնը, միշտ յօգուտ սուրիական հայրենիքին: Զօրավարը եւ իրեն ընկերակցողները գոհ տպաւորութեամբ բաժնուեցան սրբազան հօրմէն եւ ներկաներէն:
Հայաստանի Գրողներու Միութիւնն Ալ
Կը Քննադատուի
«Կոմունիստ» թերթը վերջերս լոյս ընծայեց խմբագրական մը: «Ձերբազատուիլ մեր գրական սխալներէն» խորագիրին տակ:
Խմբագրական մարմինը դիտել կու տայ, թէ 1935-1936 շրջանին Հայաստանի գրողներու միութիւնը կը բաղկանար միայն 40-45 անդամներէ. մինչ այսօր այս թիւը հասած է 240-ի: Թերթը դիտել կու տայ, թէ աճը անսովոր երեւոյթ մըն է եւ իրականութեան բնաւ չի համապատասխաներ:
– Այս բոլոր անդամները գրողնե՞ր են,- կը հարցնէ խմբագրականը:
Եւ կը պատասխանէ շռնդալից ՈՉ-ով մը:
Եւ ատով կը բացատրէ այն երեւոյթը, որ Հայաստանի գրական արտադրութեան որակը խիստ ցած է:
Ու կ՛եզրակացնէ.
– Հայաստանի գրողներու միութիւնը ինքզինք ձերբազատելու է իր մեռեալ տարրերէն:
Հետաքրքրական
Աչքը Լոյս Տանտիկիններուն
Ամերիկայի մէջ պատրաստուած են կերպընկալ նիւթէ թափանցիկ տոպրակներ, որոնք խոնաւութենէն եւ տաքէն կը պաշտպանեն ու միշտ թարմ կը պահեն ուտելիքները: Շատ մը տուներու մէջ որպէս սառնարան գործածուող այս տոպրակները «Սկովտիական ծրար» կը կոչուին: Տոպրակներուն հետ կը ծախուին նաեւ կնքող յատուկ գործիքներ, պզտիկ քարտեր` տոպրակի պարունակութիւնը արձանագրելու համար, ինչպէս նաեւ` գրքոյկ մը, ուր բացատրութիւններ կը տրուին գործածութեան կերպի մասին: Յատկանշականը այն է, որ կարելի է ուտելիքները սանին մէջ դնել եւ եփել` առանց տոպրակէն հանելու: