Արուեստի Աշխարհէն. Մէկ Ձեռքով Դաշնակահարը` «Ներշնչման Աղբիւր»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏ ԲԱՆ ԿԸ ԿԵՐՏԷ…: ՊԱՏԱՆԻ ՏԱՐԻՔԻՆ ՆԻՔԸԼԸՍ ՄՔՔԱՐԹԻ ԴԻՄԱԾ ԷՐ ԻՐ ՏԱՐԻՔԻ ԴԱՇՆԱԿԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԴՊՐՈՑԻ ՄԸ, ՍԱԿԱՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՄԵՐԺԱԾ ԷԻՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ՈՒՆԿՆԴՐԵԼ ԱՆՈՐ ՆՈՒԱԳԸ ԵՒ ԸՍԱԾ ԷԻՆ, ԹԷ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉԿԱՐԵՆԱՐ ՆՈՒԱԳԵԼ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ՊԱՏԱՀԱԾ Է ԱՆԿԷ ԵՏՔ:
Գլխաւոր ուսուցիչը ըսած էր, թէ մէկ ձեռք ունենալը միշտ ետ պիտի պահէր զինք, եւ թէ` աւելի լաւ էր չվատնել իր եւ այլոց ժամանակը:
Թերեւս ուրիշներ պիտի վհատէին, սակայն ՄքՔարթի պիտի դառնար առաջին մէկ ձեռքով դաշնակահարը, որ պիտի աւարտէր Բրիտանիոյ Ռոյըլ քոլեճ աֆ միւզիքը:
Իր առաջին ունկնդրութիւնը յիշելով` ՄքՔարթի կ՛ըսէ. «Հոգեխռով էր, որովհետեւ միայն կ՛ուզէի նուագել»:
Իսկ ինչպէ՞ս կարելի էր նուագել:
«Կը զգայի, թէ պէտք էր պայքարէի` լեռն ի վեր մագլցելու համար: Սակայն այս զգացումով աւելի վճռակամ դարձայ: Բաւական յամառ եմ», կ՛ըսէ ան:
ՄքՔարթի 23 տարեկան է: Ան ծնած է առանց ձեռքի, Սուրիի Թատուըրթ շրջանին մէջ:
Սակայն ան դաստիարակուած է այնպէս, որ հաւատայ, թէ ոչ մէկ բան անյաղթահարելի է:
ՄքՔարթի մանուկ հասակին առանձինն սորված է ելեկտրական ստեղնաշար մը նուագել, իսկ դաշնակի դասեր սկսած է առնել միայն 14 տարեկանէն ետք:
Սկիզբը ան որոշած էր խոհարար ըլլալ, սակայն իր ընտրած ասպարէզը փոխած է այն պահուն, երբ իր բարեկամներէն մէկը նուագած է Պեթհովէնի դաշնակի մէկ հատանուագը, որ «շշմեցուցած է» զինք:
ՄքՔարթի 17 տարեկան էր, երբ ընդունուած էր Լոնտոնի Երաժշտութեան եւ թատրոնի Կիլտհոլ դպրոցին պատանիներու բաժանմունքը: Այնուհետեւ ան շահած էր այս դպրոցին դաշնակի տարեկան մրցանակը:
Ապա ՄքՔարթի յաճախած է Լոնտոնի Ռոյըլ քոլեճ աֆ միւզիքը, ուրկէ վկայուեցաւ նախորդ ամիս:
Քոլեճին ստեղնաշարներու բաժանմունքին գլխաւոր պատասխանատուն` Վանեսա Լաթարշէ կ՛ըսէ, թէ իր աշակերտը «անհաւատալի նախաձեռնութեամբ» մը յաղթահարած է կարգ մը մեծ մարտահրաւէրներ, ինչպէս` ամբարել բաւական կորով` մէկ ձեռքով տալու համար 50 վայրկեան տեւողութեամբ համերգ մը:
«Ան ներշնչման աղբիւր էր իր դասընկերներուն համար` ցոյց տալով, թէ ի՛նչ կարելի է իրագործել անկարութեամբ», կ՛ըսէ ան:
ՄքՔարթի անդամ է Բրիտանիոյ առաջին անկարներու նուագախումբին կամ` փարաօրքեսթրային, որ նախորդ ամիս անկարներու Ողիմպիականին` փարալիմփիքսի մարզիկները դիմաւորեց Լոնտոնի մէջ:
«Երբ առաջին անգամ միացայ այս նուագախումբին, կարգ մը երաժիշտներ, որոնք մասամբ կոյր էին, չհաւատացին, թէ մէկ ձեռքով կը նուագէի: Ասիկա ինքնին մեծ գովասանք մըն էր ինծի համար», կ՛ըսէ ՄքՔարթի:
«Իմ նուագած երաժշտութիւնս ամբողջութեամբ յօրինուած է ձախ ձեռքի համար: Ես ոչինչ կը փոխեմ: Կը նուագեմ երաժշտութիւնը այնպէս, ինչպէս յօրինուած է»:
«Անիկա յօրինուած է շատ խելացի ձեւով, սակայն պէտք է շատ արագ շարժիլ եւ լաւ զարնել ոտնակները` բարձր խազերը նուագելու ժամանակ պաս խազերը լաւ արտաբերելու համար», կը բացատրէ ան:
Ռաւել, Փրոքոֆիեւ եւ Պարթոք այն երաժիշտներէն են, որոնք յօրինած են միայն ձախ ձեռքով նուագելու յատուկ գործեր:
ՄքՔարթի կը պատմէ, թէ բազմաթիւ հանդիսատեսներ ներկայ եղած են իր համերգներուն, «հետաքրքրութենէ մղուած` մտածելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նուագել մէկ ձեռքով»:
«Շատերուն առաջին հակազդեցութիւնը զարմանքն է: Ոմանք կարծած են, թէ պարզապէս նուագելու շարժումները կը կատարեմ, եւ թէ` իրենք կը լսեն նախապէս ձայնագրուած երաժշտութիւն մը: Սակայն պարզապէս ես եւ իմ ձախ ձեռքս կը նուագենք միասին», կ՛ըսէ ան:
Յառաջիկայ շաբաթ ՄքՔարթի պիտի նուագէ Մալթայի վարչապետարանին մէջ, իսկ սեպտեմբերին իր առաջին գիշերային համերգը պիտի տայ Քրոյտընի Ֆերֆիլտ Հոլզի մէջ:
ՄքՔարթիի ինքնորոշումն ու հաւատքը կանուխ տարիքէն իր մէջ սերմանած են անոր ծնողները` Ռէյ եւ Ճիւլի, որոնք երաժշտական որեւէ հակում չեն ունեցած:
Ռէյ, 46 տարեկան ծախող մը, կ՛ըսէ, թէ միշտ թոյլ տուած է իր զաւկին ընելու բաներ, զորս մարդիկ կ՛ըսէին, թէ անկարող էր ընելու:
Ան կը յիշէ, թէ իր զաւակը իր խաղընկերներուն մէջ առաջիններէն էր, որ սորված էր հեծիկ քշել. ան հեծիկին երկու արգելակները տեղադրած էր ձախ կողմը:
«Կրնաս թոյլ տալ, որ մարդիկ քեզ բնորոշեն ընկերային, ցեղային, մորթի գոյնի, դաւանանքի կամ անկարողութեան չափանիշներով: Սակայն, եթէ որոշես, որ թոյլ պիտի չտաս նման բնորոշում մը, ապա ամէն ինչ կարելի է», կ՛ըսէ ՄքՔարթի:


