ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԷԹԻ «ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ»` ՆՈՊԵԼԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ալեքսանտրէթի տեղական թերթեր շաբաթ օր հաղորդած են, որ Ալեքսանտրէթի «Քաղաքակրթութիւններու երգչախումբի» (Մետենիյէթլեր քորուսու) նախագահ Եըլմազ Էօզֆըրաթ յայտնած է, որ երգչախումբը ներկայացուած է 2012-ի նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին:
Օրաթերթը կը նշէ, որ 120 անդամներէ բաղկացած եւ 2007-ին Ալեքսանտրէթի նահանգապետարանին կողմէ հիմնուած երգչախումբին անդամ են հրեաներ, իսլամներ եւ քրիստոնեաներ, որոնց շարքին նաեւ` հայեր: Երգչախումբը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ 80 համերգներ տուած է եւ մեկնաբանած հայերէն, թրքերէն եւ արաբերէն երգեր: «Մարմարա» կը յիշեցնէ, որ 2010-ին Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլն ալ ունկնդրած էր երգչախումբին հայերէն կատարումը:
CATEGORIES Հայկական