ԱՆԳԱՐԱ ՓԱՐԻԶԷՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԻ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները նամակներ ուղարկած են իրենց ֆրանսացի գործընկերներուն` ծերակոյտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը կասեցնելու խնդրանքով:

Ըստ թրքական լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեհմետ Ալի Շահինի, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի, թուրք-ֆրանսական բարեկամութեան խումբի նախագահ Եաշա Եաքըշի եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի` իրենց ֆրանսացի գործընկերներուն ուղղած նամակներուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Օրինագիծին որդեգրումը անդառնալի վնասներ պիտի պատճառէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն: Բացի ատկէ, ներկայացուած օրինագիծը խօսքի ազատութեան կը հակասէ»:

Ֆրանսայի ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը կը պատրաստուի 4 մայիսին Ֆրանսայի ծերակոյտի օրակարգ բերել Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Օրեր առաջ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ հանդիպում ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի աւագ խորհրդական Ժան Տաւիտ Լեւիթի հետ: Ըստ թրքական մամուլին, Լեւիթ Պաղըշին վստահեցուցած է, որ Սարքոզի այդ օրինագիծին չ՛աջակցիր:

Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը 2006-ին որդեգրած էր օրինագիծը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին համար 5 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրոյի տուգանք կը սահմանէ:

Share this Article
CATEGORIES