ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԿՈՉ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑԻՆ

Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդը եւ Եւրոպական եկեղեցիներու խորհրդաժողովը Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, թէ «Ս. Զատիկը` մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան փառաւոր օրը այս տարի կը զուգադիպի 24 ապրիլին: Առաջին անգամ ըլլալով 24 ապրիլ 1915-ը կը զուգադիպի հայկական եկեղեցւոյ զատկուան կիրակիին: Ասիկա իրապէս նշանակալից զուգադիպութիւն մըն է, որովհետեւ հայ ազգին եւ ժողովուրդին գոյութիւնը ինքնին մահէն ետք յարութեան ուժգին նշան մըն է: Երբ աշխարհի ամբողջ տարածքին այս տարի Ս. Զատիկը նոյն օրը կը նշեն, մեր բոլորին համար առիթ մը պիտի ըլլայ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին»:

Հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ, որ 11 ապրիլ 2005-ին Եւրոպական եկեղեցիներու խորհրդաժողովի նախագահութիւնը Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին միանալով անդամ եկեղեցիները հրաւիրած էր 24 ապրիլը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած օր նշելու եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած էր նախաձեռնելու թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ հաշտութեան հոլովոյթի մը, որուն մէջ ներառուած ըլլայ յանցանքի ճանաչումն ու ճշմարտութեան հռչակումը: «Մեկնելով այս ոգիէն, մինչ այս տարուան Ս. Զատկուան կիրակիին կը մօտենանք, Յիսուս Քրիստոսով մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կոչ կ՛ուղղենք` հայ ժողովուրդին միանալով աղօթք մատուցելու ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայերու եւ ուրիշներու համար»:

Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վեր. դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թվէյթ եւ Եւրոպական եկեղեցիներու խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար վեր. դոկտ. Վիորել Լոնիթա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES