ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՇԵՑ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր ներկայ գտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան օրուան նուիրուած շքերթին: Ան շնորհաւորած է ոստիկանութեան աշխատակիցները եւ վեթերանները` իրենց մասնագիտական տօնին առիթով:
Իր շնորհաւորական խօսքում նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Անցեալ երկու տասնամեակները Հայաստանի ոստիկանութեան կայացման ու ամրապնդման կարեւոր շրջաններ էին, որոնց ընթացքին ոստիկանները իրականացուցած են իրենց առաքելութիւնը: Ե՛ւ Արցախեան ազատամարտին, ե՛ւ յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ ոստիկաններէն շատերը դրսեւորած են մասնագիտական բարձր որակներ ու հերոսական կեցուածք: Ոմանք ինկած են այդ կռիւին ընթացքին, բայց անոնց յիշատակը եւ նկարագիրը` արդար եւ ուժեղ ոստիկանի կերպարը, մնացած են եւ պէտք է մնան իբրեւ չափանիշ, իբրեւ յաջորդներու աշխատանքի ու ծառայութեան ուղեցոյց»:
Նախագահը նշած է, որ Հայաստանի ոստիկանութիւնը նշեալ ընթացքին անցած է վերափոխումներու բարդ շրջադարձերու ընդմէջէն, եւ այսօր ալ համակարգին մէջ կը շարունակուին բարեփոխումներն ու արդիականացումը: Ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող օրէնքներու ընդունումը եւ օրէնսդրական փոփոխութիւններու ամբողջ ծրարը, ըստ նախագահին, անհրաժեշտ էին, բայց ակնյայտ է, որ անոնք բաւարար չեն:
Ինչպէս կը յայտնեն նախագահի մամլոյ գրասենեակէն, նախագահը նաեւ խօսած է օրինականութեան պահպանման հարցով ոստիկանութեան ընելիքներուն մասին` խօսքի աւարտին անոնց մաղթելով արժանի ըլլալ իրենց բարձր կոչումին:
Հանրապետութեան ղեկավարը, ոստիկանութեան օրուան առիթով, իրաւակարգի ամրապնդման եւ հասարակական կարգի պահպանութեան գործին մէջ իրենց ունեցած նշանակալի ներդրման համար` Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան խումբ մը աշխատակիցներ պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան մետալներով: