Թենիս. Վիրաւոր Նատալ Պիտի Չմասնակցի Եու. Էս. Օփընին
Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել թենիսի Եու. Էս. Օփընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Այս լուրը կը փոխանցէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը` իր տեղեկութիւնը քաղելով ամերիկեան մամուլէն:
Նատալ վերջին անգամ թենիսի դաշտերուն վրայ երեւցաւ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին, ուր պարտուեցաւ Բ. հանգրուանին:
Ան վերջերս իր մասնակցութիւնը չբերաւ Լոնտոն-2012-ի ողիմպիականի խաղերուն եւ Սինսինաթի -Մասթըրզ-1000 մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական


