Արթուր Եդիգարեան Մեկնեցաւ Ուքրանիա
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներէն Արթուր Եդիգարեան երէկ մեկնեցաւ Ուքրանիա` պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար Կովերլա խումբին հետ:
Այս լուրը հրապարակեց Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը` իր տեղեկութիւնը քաղելով Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութենէն:
Կովերլա, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Եղիշէ Մալաքեան, Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հինգ հանգրուանի մրցումներէն ետք առանց ոչ մէկ կէտ ապահովելու կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Նշենք, որ Փիւնիկի մաս կազմող Եդիգարեան վերջերս փոխ տրուած էր Խիմքիի:
CATEGORIES Մարզական


